Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «ՄԱԿ-ի Գաղթականներու Հարցերով Գրասենեակը Կրնայ Մասնակից Դառնալ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղահանուածներու Վերադարձի Ապահովման Հոլովոյթին»

June 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 28 յունիսին հանդիպում պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Զախարովա յայտնած է, որ 28 յունիսին գերագոյն յանձնակատարը արդէն երկրորդ անգամ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի գտնուի Մոսկուա:

Ան յայտնած է, որ հանդիպումի ընթացքին կ՛ակնկալուի քննարկել հարցերու լայն շրջանակ, ներառեալ գաղթականներու, ներքին տեղահանուածներու, քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու միջազգային պաշտպանութեան առնչուող հարցեր:

«Ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի հաւանական մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններուն մէջ գաղթականներու եւ ներքին տեղահանուածներու վերադարձի ապահովման հոլովոյթին, միջազգային ընտանիքի ջանքերուն կեդրոնացումը` սուրիացիներու հայրենադարձման նպատակով, Տոնպասէն գաղթականներուն ու ներքին տեղահանուածներուն աջակցութեան տրամադրումը», նշած է Զախարովա:

Ան աւելցուցած է, որ գերագոյն յանձնակատարի Ռուսիա այցելութիւնը պիտի նպաստէ ՄԱԿ-ի գրասենեակին հետ բազմակողմ գործակցութեան ու համագործակցութեան հետագայ զարգացման:

 

Նախորդը

«Լրագրողներ Առանց Սահմանի»-ն Կը Հաղորդէ. Ազրպէյճանցի Զինուորները Սպառնացած Են Գեղարքունիքի Մէջ Աշխատող Սպանացի Լրագրողներուն

Յաջորդը

Լաւրով. «Ռուսիան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Միւս Համանախագահներուն Հետ Կը Շարունակէ Ազրպէյճանին Եւ Հայաստանին Օգնել` Իրար Միջեւ Վստահութիւն Ստեղծելու Հարցին Մէջ»

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին  Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է
Միջազգային

Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.