Միացեալ Նահանգներու մէջ դատարան մը 23 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց Փենթակոնի հետ աշխատող ամերիկացի թարգմանիչ մը, որ իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի` Պաղտատի մէջ ամերիկեան օդային հարուածով ահաբեկումէն ետք, Հըզպալլայի առնչակից անձի մը փոխանցած էր Իրաքի մէջ ամերիկեան բանակին հաշուոյն լրտեսութիւն կատարողներու անունները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ 62 տարեկան Միրիամ Թոմսըն ընդհանուր դատախազութեան հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ իրեն ուղղուած մեղադրանքները ընդունած է:
Ան ընդունած է, որ զինուորական գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցած է լիբանանցի մարդու մը, որ իր կարգին զանոնք փոխանցած է Հըզպալլային:
Նախարարութեան մէջ ազգային անվտանգութեան հարցերու պատասխանատու Ճոն Տիմըրզ յայտնած է, թէ Թոմսընին դէմ արձակուած վճիռը «կ՛արտացոլէ անոր արարքներուն վտանգաւորութիւնը. ան ամերիկացի ժողովուրդին, վտանգի տակ դրուած աղբիւրներուն եւ զինուորներուն, որոնց հետ ան աշխատած է, ինչպէս նաեւ իր նկատմամբ վստահութեան դաւաճանեց»:



