Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շահերու սպասարկումով ծանօթ Նետերլանտներու «Տենք» կուսակցութեան եռանդամ խմբակցութիւնը փոխած է իր դիրքորոշումը եւ միացած անցեալ շաբաթ խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւին, որ արտաքին գործոց նախարարին կոչ կ՛ուղղէր եւրոպական մակարդակով ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի վրայ` հայ պատերազմական գերիները եւ քաղաքայինները անմիջապէս իրենց հայրենիք վերադարձնելու պահանջով: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»¬ը:
«Տենք» կուսակցութիւնը Թուրքիոյ ղեկավարին շահերը յառաջ մղող ուժի համբաւ ունի եւ կ՛ընտրուի քանի մը հարիւր հազարնոց թրքական համայնքին քուէներով:



