ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 167 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի մէջ գտնուող սուրիական գաղթակայան մը ներխուժեց եւ ձերբակալեց ահաբեկչական հարցերով ամբաստանուած յանցագործներ:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը, քննարկելէ ետք «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի վերաբերող օրէնքը, հաստատեց, որ կառավարութիւնը իր դերակատարութիւնը չի կատարեր` աւելցնելով, որ յանձնախումբը պիտի աշխատի մշակելու այնպիսի օրինագիծեր, որոնք կառավարութեան կողմէ պէտք էր ներկայացուած ըլլային:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ յայտնեց, որ անիմաստ է խորհրդակցութիւններու մասին խօսիլ, եթէ բոլորին կողմէ Թաէֆը գործադրելու իմաստով հրապարակային խոստում չտրուի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ երկիրը կ՛ապրի առողջապահական դժուար իրավիճակ մը, որ հետզհետէ աւելի պիտի վատթարանայ:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի անդրադարձաւ հատուցումներու քարտի դրութեան` հաստատելով, որ ներկայիս պատահածը երեսփոխանական ընտրութիւնները գնելու նպատակով խօսքի վաճառք է:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուց- Քըրկէօզի հետ: Հանդիպումը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ձերբակալեցին լիբանանցի մը, որ 119.350 կեղծուած ամերիկեան տոլար կը պատրաստուէր փոխադրելու Թուրքիա:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իմաստով անհատական եւ կառավարական նախագզուշութիւնները գրեթէ վերացած են: Ան զգուշացուց «Քորոնա» համաճարակի նոր ալիքէ մը:


