Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհուած Զինուորներու Աճիւններու Հարցը Մարդկային, Քաղաքական Եւ Քրէական Յանցանք Է

June 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Յոռեգոյն մեղանչումը մեր նմաններուն հանդէպ ատելութիւնը չէ, այլ` անոնց անտարբերութեամբ վերաբերիլը. այս էութիւնն իսկ է անմարդկայնութեան»:

Ճորճ Պերնարտ Շօ (1856-1950)

Պարկերու մէջ դրուած եւ իրարու վրայ նետուած հայ զոհուած զինուորներու մարմիններու լուսանկարներու առթած յուզման մասին պիտի չխօսիմ: Ոչ մէկ մարդ կրնայ անտարբեր մնալ ի տես նման տեսարանի, եթէ հրէշ չէ:

Զարմանալի է, որ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) ընդվզումի համաժողովրդական ալիք չբարձրացաւ, մարդու եւ հայու արժանապատուութիւնը չվիրաւորուեցաւ` անկախաբար այլազան տեսակէտներէ եւ այլազան նախասիրութիւններէ:

Յանցանք, ապիկարութիւն, անբարոյութիւն, մարդու հանդէպ իրաւ յարգանք… Դատարկ բառեր: Դիահերձարաններու, զոհուած զինուորներու եւ անոնց մասունքներու պատկերներու մասին խօսիլ եւ ըսել` ցնցող, խեղճ բառ է:

Դէմ յանդիման կը գտնուինք յանցանքներու, ոչ թերացումներու, զորս մեղմացուցիչ դէպ յանցանացի մշուշով, բառային ճապկումով եւ որոշում գործադրող շարքային քաւութեան նոխազներ գործէ արձակելով, mea culpa ընելով, մեղք քաւելու թատրոնով` ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու աճպարարութիւն պէտք չէ ընել:

Յանցանքը կը մնայ պատասխանատուներու առաջին սանդղակին: Քանի մը հարիւրի զոհի մարմին կայ անասելի վիճակի մէջ: Իշխանութեան բուրգին մաս կազմողները, վարէն մինչեւ գագաթ, տեղեակ պէտք էր ըլլային: Աւելի վատ, եթէ չեն եղած: Ի՞նչ բանի կը ծառայէ իշխանական համակարգը, եթէ տեղեկութիւնը չի շրջիր եւ չեն ստանձնուիր պատասխանատուութիւնները:

Կրնա՞յ պատահիլ, որ ահաւոր տեղեկութիւնը հաւաքական գիտակցութեան լախտի հարուած տուած չըլլայ:

Իսկ եթէ տեղեկութիւնը գիտցուած եւ իրարմէ թաքցուած է… թաքցուած` հանրային կարծիքէն, զոհերու ընտանիքներէն:

Քաղաքացին, ան ըլլայ զինուորի կամ զոհի ծնող, կամ պարզապէս հայ մարդ, կրնա՞յ պատասխանատու չհամարել ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆը, որուն անդամները, բուրգին ստորոտէն մինչեւ գագաթը, չեն կրնար թաքնուիլ անտեղեակութեան, հետեւաբար` անմեղութեան գլխարկի տակ:

Պարզ տրամաբանութեամբ եւ ողջախոհական դատումով, իշխանութիւն մը հաւաքաբար պատասխանատու է:

Իսկ իշխանութիւնը պետութիւն է իր բոլոր սպասարկութիւններով:

Նման ողբերգական կացութիւն, ի հարկէ, ոչ մէկ բարենիշ պիտի բերէր իշխանութեան ընտրապայքարի այս օրերուն: Ողբերգութիւնը հանրային սեփականութիւն դառնալու պարագային, միայն ընդվզումի ալիք պիտի բարձրացնէր, եւ զանգուածը պիտի ունենար, մեղմ ըսած, բացասական վերաբերում: Բայց այս կարծէք սոսկ ենթադրութիւն է:

Ընկերային, բարոյական եւ քաղաքական այս կացութեան դիմաց, վարչապետի պաշտօնակատարը նոր միայն տեղեկանալով` պատասխանատու գերատեսչութիւններուն յանձնարարած է ծառայողական քննութիւն կատարել այս հարցով, ինչ որ անտեղեակութեան կամ անտարբերութեան խոստովանութիւն է, փոխանակ անձնապէս կատարելու այդ գործը: Այս հարցը նուա՞զ կարեւոր է այն բոլոր հարցերէն, որոնց համար Դիմատետրով դատ-դատաստան կ՛ընէր, կը սպառնար ասֆալթին փռել:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը կ՛արձագանգէ միայն լուսանկարներու հրապարակումէն ետք` պնդելով, որ դիահերձարանի նկուղի պայմանները բաւարար են դիակներու պահպանման: Խոստովանութիւն մըն ալ. բացթողում եղած է, եւ զոհերու մարմիններու եւ մասունքներու տեղափոխութենէն ետք նախարարի պաշտօնակատարը  անձամբ չէ այցելած եւ ստուգում չէ կատարած:

Մամուլի մէջ յաճախ գրուած է, որ հայ զինուորներ խոշտանգումի ենթարկուած են թշնամիին կողմէ: Եւ ընդվզած ենք:

Ի՞նչ անուն պէտք է տալ յետմահու այս զանգուածային խոշտանգումին, այս անգամ` իւրայիններու կողմէ:

Կը մտածե՞նք նաեւ մեր ազգային վարկի մասին:

Այս ողբերգական անպատասխանատուութիւնը եթէ շահագործուի թուրք-ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան կողմէ, ինչպէ՞ս յանցաւոր վարչախումբը ինքզինք պիտի արդարացնէ: Ինչպէ՞ս Հայաստան պիտի նայի իր խօսակիցներու աչքերուն:

Իսկ մեր ժողովուրդին համար այս յանցաւոր գայթակղութիւնը խնդիրը չէ միայն պարկերու մէջ նկուղի մէջ փտող-նեխող զոհերու քանի մը հարիւր ընտանիքներուն, այլ համազգային է:

Այսօրուան հոգեկան ծանրակշիռ հոգեկան ցնցումը ինչպէ՞ս համաժողովրդական ցասումի ալիք չի ստեղծեր` առանց բառախաղերու եւ ճապկումներու, արդարութիւն ընելու համար, առանց սպասելու, որ ժամանակը մեղմէ ողբերգութեան յառաջացուցած հոգեխոցը (traumatisme) եւ ներսն ու դուրսը շարունակենք իմաստուն վերլուծումները եւ աթոռ-աթոռակի կռիւները:

Մե՛նք վիրաւորած ենք մե՛ր եսը, մե՛նք մեզ վարկաբեկած ենք: Միջազգային ատեաններու առջեւ բողոքի հարց չէ: Չենք կրնար ըսել, որ մեզ չեն լսեր:

Մեր ընդվզումի եւ բողոքի ձայնը մենք պիտի լսե՞նք:

Քաջութիւն պիտի ունենա՞նք դատաստան ընելու մենք մեզի դէմ:

Որպէսզի երբ հայելիին առջեւ կանգնինք,  մենք մեզ ճանչնանք որպէս յարգելի ժողովուրդի դէմք:

Յարգելի` մենք մեր աչքին, գալիք սերունդներու աչքին:

Յարգելի` միջազգային համայնքի աչքին, որուն մասին  ամէն քայլափոխի կը խօսինք, որուն զօրակցութեան կը դիմենք…

Այս մասին խօսիլ` առաջին հերթին կը ցաւցնէ խօսողը: Իսկ եթէ չխօսինք…

Պահ մը կանգ առնենք եւ մտածենք մեծ մտաւորական եւ գրող Ճորճ Պերնարտ Շոյի հետ: Ան ըսած է. «Յոռեգոյն մեղանչումը մեր նմաններուն հանդէպ ատելութիւնը չէ, այլ` անոնց վերաբերիլը անտարբերութեամբ. այս էութիւնն իսկ անմարդկայնութեան»:

Աբովեանի հիւանդանոցի նկուղին մէջ խաղցուած է անտարբերութեան հետեւանք անմարդկայնութեան թատրոնը:

Կը գրեմ` լռութեամբ մեղսակից չըլլալու համար անմարդկայնութեան:

Պիտի կարենա՞նք այս անմարդկայնութեան հանդէպ մեր մարդկային եւ ազգային հակազդեցութիւնը եւ քննադատական վերաբերումը, մանաւանդ սփիւռք(ներ)ի մէջ, չծառայեցնել տեղական-տեղայնական պառակտումներու, մանր եւ անհեռանկար փառասիրութիւններու, աւելցնելով վերեւ նշուած հոգեխոցը:

Եւ` սեւեռել միութիւնը, որ յաղթանակի առաջին քայլն է:

Նայի՛լ վերականգնումի եւ հզօրացման ուղղութեամբ, որպէսզի անցեալի եւ ներկայի սխալներ չկրկնուին, մանր փառասիրութիւններ, որոնք թշնամիէն եկող նախայարձակումներ չեն:

Եթէ քաղաքական հասունութիւն եւ իմաստութիւն ունենանք, ներսը եւ դուրսը, պիտի հասկնանք, որ պոռոտախօսութեամբ եւ շատախօսութեամբ ազգի հարցերը չեն լուծուիր:

Յիշե՛լ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-ը եւ հոն յիշուած «թղթէ կապարճ»-ը:

5 յունիս 2021, Նուազի-լը-Կրան

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Անմիջական Դասեր` Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւններէն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.