Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միասնութեան Սպասուած Յաղթանակը

June 21, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Երբ կը գրեմ այս յօդուածը, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութեան քուէարկութիւնը չէ կատարուած: Ընտրական քարոզչութեան վերջին օրն է: Վաղը լռութեան, այսինքն լուռ խորհրդածութեան օր է, վերջնական որոշում կայացնելու օր է, կիրակի օրուան քուէարկութեան նախապատրաստուելու համար:

Ընտրութեան մասնակցող խայտաբղէտ ցուցակներու կատարուած քարոզարշաւը կողմնորոշուելու դժուարութիւն յառաջացուց: Ըսելիք ունենալու, բայց մանաւադ ժողովրդականութիւն ունենալու յաւակնութիւն ունեցող բազմաթիւ քաղաքացիներ ընտրութեան մասնակցելու համար, համամասնական ընտրութեան պատճառով, կուսակցութիւններ հիմնեցին, հապճեպ ցուցակներ  կազմեցին եւ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին: Նմանները ո՛չ կառավարման ծրագիր, ո՛չ ալ ղեկավարման ատակ մարդկային բաւարար ներուժ ունին: Բարեբախտաբար չունին նաեւ անցողիկ շեմը յաղթահարելու կարելիութիւն:

Ժողովուրդի որոշ հատուածին մօտ արմատաւորուած «հիներու» դէմ դիրքորոշումը մաշումի ենթարկուեցաւ «նորերու» նկատմամբ աճող դժգոհութեան հետեւանքով: Մնացին անոնք միայն, որոնք կը մերժեն թէ՛ հիները եւ թէ՛ նորերը: Ասոնց մէջ ոմանք կ՛առաջարկեն Հայաստանի ազգային անվտանգութեան (ապահովութեան), քաղաքական դիրքորոշումի արմատական փոփոխութիւն: Արեւմտեան կողմնորոշման յարելով, ասոնք կը ծրագրեն դուրս գալ ռուսական «տիրապետութենէն» եւ սրբագրել ռուս-թրքական կարծեցեալ հակահայ դաշնակցութեան հետեւանքները: Այնպիսի համոզումներ յայտնուեցան, որ լսողը կը կարծէ, որ շրջանի քաղաքական ու ռազմավարական ընտրանքներուն մէջ Հայաստանը կրնայ որոշիչ դերակատարութիւն ունենալ: Նման գաղափարներ անշուշտ գեղեցիկ երազանքներ կը խոստանան, սակայն դժբախտաբար շատ հեռու են իրականութեան հետ աղերս ունենալէ եւ քաղաքական ռազմավարութեան առումով մանկամտութեան հասնող գիտակցութեան պակաս կը մատնեն:

Որո՞նք են անցողիկ շեմը յաղթահարելու ունակ ուժերը: Չբացառելով անակնկալ յաջողութիւնները կը թուի, թէ չորս ուժեր պիտի կարենան յաղթահարել շեմը: Անոնցմէ գլխաւորները երկուքն են. Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Ապագայ կայ» ցուցակը եւ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը: Առաջինը շարունակեց, մինչեւ վերջ, նախկինները դատապարտող եւ ամէն ձախողում անոնց վերագրող բուռն յարձակողական ոճով ինքնարդարացման խօսելաձեւը: Ափսո՜ս. ո՛չ լուրջ քննարկում, ո՛չ ալ սխալներու սրբագրման, թերութիւններու վերանայման յանձնառութիւն: Ամէն բան լաւ էր, ճիշդ էր, սխալ չկար, թերութիւն չկար ու կրնանք շարունակել հիմա, աւելի արմատական ու խիստ եղանակով, «թաւիշը» փոխարինելով «պողպատով»: Նոր բաժանումներու խոստումով:

«Հայաստան» դաշինքի խօսելաձեւը ուրիշ է: Անմիջական ապագային միտուած յստակ ծրագիր, համախմբման ու աշխատանքի կոչ, ազգային միութիւնը վերականգնելու, իշխանութեան քանդուած կառոյցները վերաշխուժացնելու, տնտեսութիւնը խթանելու նախաձեռնութիւն: Ու այս դժուար գործերը իրականացնելու ատակ փորձառու ու արհեստավարժ անձնակազմ:

Մեզի կը մնայ սպասել քուէարկութեան սնտուկներէն դուրս գալիք վճիռին: Հայաստանի ապագան այդ վճիռէն կախում ունի: Ժողովուրդը, որուն անունը շարունակ չարաշահուեցաւ, տէր է հաւաքական իմաստութեան: Ինչպէս կ՛ըսէ «Ազգային սահմանադրութիւնը», օրինականութիւնը ձայներու բազմութեան մէջ է: Թող ձայներու բազմութիւնը բերէ արդարութիւն, խաղաղութիւն, համերաշխ ու արարող հանրութիւն եւ հայրենանուէր, պարտաճանաչ ու կարողականութեամբ օժտուած իշխանութիւն:

 

 

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Հայաստանի Նոր Ղեկավարութիւնը Պէտք Է Դասեր Քաղէ Անցեալէն»

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքը Խիստ Վիճայարոյց Եւ Անընդունելի Կը Նկատէ Ընտրութիւններուն Արդիւնքները

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.