Երէկ առաւօտեան ընթացք առաւ Իրանի նախագահական ընտրութեան քուէարկութիւնը: Ընտրական կեդրոնները իրենց դռները բացին քուէարկելու իրաւունք ունեցող 59 միլիոն իրանցիներուն դիմաց, որպէսզի մասնակցին նախագահական 13-րդ ընտրութեան: Նախագահի պաշտօնին համար կը մրցէին չորս անձեր` արդարադատական իշխանութեան ղեկավար Իպրահիմ Ռայիսի, Վարչակարգի շահի ճշդման խորհուրդի քարտուղար Մուհսեն Ռիտայի, խորհրդարանի փոխնախագահ Ամիր Հուսէյն Քատիզատէ Հաշիմի եւ Իրանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ապտելնասեր Համթի:
Մուհսեն Մեհր Ալիզատէն, Ալի Ռիտա Զաքանին եւ Սայիտ Ժալիլին յետս կոչած էին իրենց թեկնածութիւնը:
Նշենք, որ նախագահական ընտրութեան կողքին տեղի ունեցան քաղաքապետական եւ գիւղական խորհուրդներու ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Ղեկավարման մասնագէտներու խորհուրդի լրացուցիչ ընտրութիւնները:
Ընտրական կեդրոններու բացումէն ետք առաջին քուէարկողներէն եղաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի, որ ըսաւ. «Ընտրութիւններուն օրը իրանցի ժողովուրդին համար օր մըն է, որ յառաջիկայ տարիներուն երկրին ճակատագիրը կը ճշդէ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ապպաս Արաքժի քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ ընտրութեան մասնակցութեան բարձր համեմատութիւնը կը բարձրացնէ Իսլամական հանրապետութեան ուժը` յոյս յայտնելով, որ ընտրութեան արդիւնքը բարիք կը բերէ իրանցի ժողովուրդին:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի իր կարգին քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններու որեւէ արդիւնք «յարգելի է», որովհետեւ մասնակիցներուն մեծամասնութեան կարծիքը կը ներկայացնէ, «սակայն ժողովուրդին մասնակցութիւնը արդիւնքէն կարեւոր է»:
Նկատի ունենալով ընտրութեան մասնակցութեան բարձր համեմատութիւնը` Իրանի Սահմանադրութեան պաշտպանութեան խորհուրդը ներքին գործոց նախարարութեան հետ համակարգումով մինչեւ կէս գիշեր երկարաձգեց քուէարկութիւնը:



