Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Պայտըն-Փութին Հանդիպում. «Պայտըն Եւ Փութին Ժընեւի Մէջ Տեղի Ունենալիք Հանդիպման Ժամանակ Պիտի Քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի Նիւթը» Ըսաւ Ռուսիոյ Նախագահի Օգնականը

June 16, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղը, Ուքրանիան, Պիելոռուսիան եւ ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի ձերբակալութիւնը ցանկին մէջ են այն նիւթերուն, որոնք պիտի քննարկուին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ճօ Պայտընի հանդիպման ժամանակ: «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով:

Ան յստակացուցած է, որ պետութիւններու ղեկավարները պիտի քննարկեն ռազմավարական կայունութիւնը, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, համացանցային յանցագործութիւններուն դէմ պայքարը, տնտեսութեան մէջ համագործակցութիւնը, կլիմայի փոփոխութեան նիւթը եւ Հիւսիսային բեւեռի խնդիրները:

Բացի ատկէ, երկիրներու ղեկավարներու օրակարգին վրայ են նաեւ Ուքրանիոյ, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Աֆղանիստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապները: Փութին եւ Պայտըն պիտի քննարկեն նաեւ երրորդ երկիրներուն մէջ ռուսերու կալանաւորումը, դիւանագիտական առաքելութիւններու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն վերաբերեալ ընդհանուր հարցեր:

Կը նշուի, որ նախագահներու որոշման արդիւնքին մէջ երկիրներու դեսպանները կրնան վերադառնալ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն:

Ուշաքով աւելցուցած է, որ երկու կողմերն ալ կրնան խօսիլ նախապէս չհամաձայնեցուած որեւէ նիւթի շուրջ: Անոնց շարքին կրնայ ըլլալ Պիելոռուսիոյ մէջ կացութիւնը եւ Ալեքսէյ Նաւալնիի ձերբակալութեան նիւթը:

Նախագահի օգնականը նշած է նաեւ, որ նիւթերը համակարգելու հարցին մէջ յատուկ խնդիրներ չեն եղած:

Նշենք, որ Պայտըն-Փութին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի «Լա Կրանժ» առանձնատան մէջ: Պայտընի` Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր այս հանդիպումը քաղաքական գործիչներու առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումն է:

 

Նախորդը

Պայտըն Մեկնաբանած Է Էրտողանի Հետ Հանդիպումի Արդիւնքները

Յաջորդը

«Մենք Անհրաժեշտ Կը Նկատենք Ղարաբաղի Հարցին Մէջ ՕԹԱՆ-ի Աջակցութիւնը» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.