Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 յունիսին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 61-59 արդիւնքով (19-13, 31-27, 43-51 եւ 61-59):
Նշենք, որ Անդրանիկ Պէյրութ մրցումին վերջին երկվայրկեաններուն իր յաղթանակը կերտեց պազըր-պիթըրով:
Ցարդ իր կատարած մրցումներուն ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մրցում մը նուազ կատարած է, արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 5 պարտութիւն:



