Ուրբաթ, 11 յունիսին, Ասիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնին նախագահը` Քիօ Սիոք, հասաւ Լիբանան, անձամբ ներկայ գտնուելու համար Ասիոյ թեքուանտոյի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան (սեւ գօտի), որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ 14-18 յունիսին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ, Քիօ Սիոք դիմաւորուեցաւ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէի կողմէ:


