Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, նախանցեալ օր ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականը հիւրընկալեց Ղազախստանը:
Մրցումը աւարտեցաւ հայրենի կազմին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով:
Հայաստանի կոլերը նշանակեցին Մարալ Արթին եւ Արմինէ Խաչատրեան:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երեքշաբթի, 15 յունիսին, երկու կազմերը նոյն վայրին մէջ դարձեալ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան:



