Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան երէկ` կիրակի, 13 յունիսին իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ Չես Թուր»-ի «Սուփըրպեպ Չես Քլասիք» դասական ճատրակի մրցաշարքին:
Նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըրը, որ կը մրցէր սեւ քարերով, 62-րդ շարժումին պարտութեան մատնեց ռումանացի Պոկտան-Տանիել Տէաքին:
Արոնեան, որ այսօր վերջին հանգրուանի մրցումներուն պիտի մրցի ազրպէյճանցի Թէյմուր Ռաճապովի դէմ, այժմ 4,5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը:



