Աղջկանց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման 33-րդ դիրքին վրայ գտնուող չեխ` Պարպորա Քրեժսիքովա նախանցեալ օր հանդիսացաւ Ֆրանսայի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց ախոյեանութեան («Ռոլան Կարոս») տիտղոսակիր, երբ աւարտական մրցումին 6-1, 2-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ռուսիոյ ներկայացուցիչ, 32-րդ դասուած Անասթասիա Փաւլիուշենքովայի դէմ:
Յաջորդաբար 6-րդ տարին ըլլալով այս մրցաշարքը ունեցաւ իր 6-րդ տարբեր ախոյեանը:
25 տարեկան Քրեժսիքովա, որ այսպիսով իր առաջին կրան շլեմի տիտղոսին տիրացաւ, կատարեց այլ իրագործում մըն ալ, երբ հանդիսացաւ աղջկանց զոյգի ախոյեան:
Ան նախապէս այս իրագործումը կատարած էր 2018-ին, «Ռոլան Կարոս»-ի եւ Ուիմպըլտընի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի տղոց աւարտականի մրցումին, անիկա աւարտեցաւ թիւ մէկ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի յաղթանակով, որ հակառակ երկու սեթ ուշացած ըլլալուն, յաղթեց յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասին` (5-րդ), 6-7, 2-6, 6-3, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով:
Այսպիսով, 34 տարեկան Ճոքովիչ կրան շլեմի մրցաշարքերուն ընթացքին 19-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:




