Ամերիկեան կողմը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յառաջիկայ հանդիպումին մտադիր է կոշտ մօտեցում ցոյց տալ ռուսական կողմին` ի տարբերութիւն նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Էն.Պի.Սի.»-ն` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն:
Ըստ աղբիւրին, ամերիկեան կողմը նպատակ ունի Պայտըն-Փութին հանդիպումի ընթացքին հասկցնել, որ Պայտընը ի տարբերութիւն Թրամփի բարի դրացիական մօտեցման, կարծր ազդանշաններ կը փոխանցէ Փութինին: Սպիտակ տունը յոյս ունի, որ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու հետ քանի մը օրուան հանդիպումներէ եւ քննարկումներէ ետք Փութինի հետ հանդիպումին երթալը Մոսկուային ցոյց պիտի տայ Ռուսիոյ դէմ «միասնական ճակատ»-ի գոյութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն, փորձագէտները ամերիկեան վարչակազմին զգուշացուցած են, որ Փութինի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսը Պայտընի համար վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, եւ արդէն յայտնի է, որ նախագահները անջատ մամլոյ ասուլիսներ պիտի ունենան:



