Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Կը Ձգտի Պատերազմական Գերիներու Խնդիրի Փակման` «Բոլորը Բոլորի Դիմաց» Սկզբունքով» Կ՛ըսէ Դեսպան Քոփիրքին

June 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական կողմը կը ձգտի հասնիլ պատերազմական գերիներու խնդիրի վերջնական փակման` «բոլորը բոլորի դիմաց», սկզբունքով: «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:

Անոր համաձայն, Արցախի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք ռուսական կողմը, ներառեալ Ռուսիոյ բարձրագոյն ղեկավարութիւնն ու համապատասխան նախարարութիւնները` արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնները, առաջնային ուշադրութիւն դարձուցած են ու կը շարունակեն դարձնել այդ հարցին:

«Այդ հաղորդակցութիւններուն եւ հարցի լուծման գործին մէջ շատ մեծ դերակատարութիւն ունի խաղաղապահ զօրակազմը եւ անձամբ զօր. Ռուսթամ Մուրատովը: Ի հարկէ, հոլովոյթը մեր ուզածին պէս արագ չ՛ընթանար: Ի սկզբանէ Ռուսիոյ մօտեցումն էր «բոլորը բոլորին դիմաց»: Ռուսական կողմը կը ձգտի հասնիլ պատերազմական գերիներու խնդիրի այդ բանաձեւով վերջնական փակման», ըսած է ռուս դիւանագէտը:

Անոր տուեալներով` Մուրատովի անմիջական մասնակցութեամբ կողմերը փոխանակած են 82 գերիներ, որոնցմէ 66-ը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ են: Սակայն այդ ուղղութեամբ աշխատանքը չի դադրիր:

Դիւանագէտը այս ծիրին մէջ նշած է, որ 8 յունիսին հայ զինուոր մը մոլորած էր, եւ շնորհիւ գործնական քայլերու դիմած Մուրատովի, որ հաղորդակցութեան մէջ մտած էր ազրպէյճանական ու հայկական կողմերուն հետ, կարելի եղած է լուծել խնդիրը:

«Զինուորը արդէն յաջորդ օրը վերադարձած է հայկական կողմին: Ասիկա շօշափելի օրինակ է», եզրափակած է ան:

 

Նախորդը

Ըստ «Էն. Պի. Սի.»-ի. Ամերիկեան Կողմը Որոշած Է Պայտըն-Փութին Հանդիպումի Ընթացքին Կոշտ Մօտեցում Ցուցաբերել

Յաջորդը

Նաֆթալի Պենեթ` Իսրայէլի Վարչապետ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.