Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Յարաբերութիւնները Հասած Են Ամէնէն Ցած Կէտին» Կ՛ըսէ Փութին

June 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն հասած են ամէնէն ցած կէտին: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Ասիկա յուլիս 2018-էն ետք ամերիկեան լրատուամիջոցներուն հետ անոր առաջին հարցազրոյցն է:

«Մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն վատթարացած եւ հասած են ամէնէն ցած մակարդակին», ըսած է Փութին:

«Ռուսիոյ նախագահին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահ Ճօ Պայտըն արմատապէս կը տարբերի իր նախորդէն` Տանըլտ Թրամփէն: Փութին նշած է, որ նախագահ Պայտընը ասպարէզային քաղաքական գործիչ է, որ իր ամբողջ գիտակցական կեանքը անցուցած է քաղաքականութեան մէջ:

«Ան բոլորովին այլ մարդ է, անոր մէջ կան թէ՛ առաւելութիւններ, թէ՛ ալ թերութիւններ, սակայն յոյս ունիմ, որ գործող նախագահին կողմէ ներքին մղումէ դրդուած քայլեր չեն ըլլար», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը:

Ինչ կը վերաբերի Թրամփին` Փութին մինչեւ օրս կը կարծէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահը արտասովոր անձնաւորութիւն է, տաղանդաւոր մարդ, այլապէս ան Միացեալ Նահանգներու նախագահ չէր դառնար:

Խօսելով Պայտընի գայթակղալից յայտարարութիւններուն մասին (ան Փութինը «մարդասպան» կոչած էր), Ռուսիոյ նախագահը ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի այդ հարցազրոյցը զինք չէ զարմացուցած: Ան աւելցուցած է, որ պաշտօնավարման ընթացքին սովոր դարձած է բոլոր կողմերէն յարձակումներուն` տարբեր պատրուակներով, տարբեր պատճառներով, տարբեր տրամաչափի եւ դաժանութեան:

Նշենք, որ «Սի.Էն.Էն.» շաբաթ օր հաղորդեց, որ Ժընեւի մէջ 18 յունիսին նախատեսուած Պայտըն-Փութին հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիս տեղի պիտի չունենայ:

Սպիտակ տունը, անդրադառնալով Պայտըն-Փութին հանդիպումին, յայտարարեց. «Կը նախատեսենք, որ անկեղծ եւ ուղղակի հանդիպում մը ըլլայ»:

 

 

Նախորդը

Թալեպանները Կը Սպառնան Թուրքիոյ. «Աֆղանիստան Մնացող Որեւէ Պետութիւն Բռնագրաւող Պիտի Նկատենք»

Յաջորդը

Ըստ «Էն. Պի. Սի.»-ի. Ամերիկեան Կողմը Որոշած Է Պայտըն-Փութին Հանդիպումի Ընթացքին Կոշտ Մօտեցում Ցուցաբերել

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.