Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Սուփըրպեթ Չես Քլասիք» ճատրակի մրցաշարքին, երէկ` ուրբաթ, 11 յունիսին, 6-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը, իր արձանագրած հինգ հաւասարութիւններէն ետք:
Արոնեան, որ սեւ քարերով կը մրցէր ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովի դէմ, իր պարտութիւնը կրեց` 40-րդ շարժումին: ‘
Այժմ Արոնեան 2,5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը:
Արոնեանի այսօրուան մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուք, որ ունի 4 կէտ:
10 հանգրուանէ բաղկացած այս մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 325 հազար եւրօ:



