Ճիշդ տարուան մը ուշացումէ ետք («Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով), երէկ` ուրբաթ, 11 յունիսին, ազդանշանը տրուեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի 2020 տարուան ախոյեանութեան` «Եւրօ-2020»-ին, երբ Ա. խմբակին մէջ կատարուեցաւ Իտալիա-Թուրքիա մրցումը:
Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Թուրքիա 3-0 արդիւնքով ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն` Իտալիայէն:
Մրցումին 53-րդ վայրկեանին, թուրք մարզիկ Մերիհ Տեմիրալ, որ մաս կը կազմէ Եուվենթուսի, սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը:
66-րդ վայրկեանին Չիրօ Իմմոպիլէ արդիւնքը վերածեց 2-0-ի, իսկ 79-րդ վայրկեանին Լորենցօ Ինսինյէ նշանակեց յաղթական կազմին երրորդ եւ մրցումին վերջին կոլը:
Իտալիոյ մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի այս մրցումին կիրարկեց 4-3-3 խաղաոճ մը, մինչ թուրք մարզիչ Սենոլ Կիւնեշ` 4-1-4-1 խաղաոճ մը:
Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ Իտալիոյ բերդապահ Ճիանլուիճի Տոննարումմա հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը, երբ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին դաշտ ներկայացաւ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկով (22 տարեկան եւ 106 օր):
Ան իր կազմին հետ կը կատարէր իր 27-րդ մրցումը:
Ա. խմբակին ծիրին մէջ, այսօր ժամը 16:00-ին (Պէրութի ժամանակացոյցով) Կալես կը մրցի Զուիցերիոյ դէմ:
Այս մրցումին կը յաջորդեն Դանիա-Ֆինլանտա (ժամը 19:00) եւ Պելճիքա-Ռուսիա (ժամը 22:00) մրցումները, որոնք կ՛իյնան Բ. խմբակի ծիրին մէջ:
Իսկ վաղը` կիրակի, կը կատարուին հետեւեալ մրցումները. ժամը 16:00-ին` Անգլիա-Խրուաթիա (Դ. խմբակ), ժամը 19:00-ին` Աւստրիա-Մակեդոնիա, իսկ ժամը 22:00-ին` նետերլանտներ-Ուքրանիա (Գ. խմբակ):





