Ուաշինկթըն կը շարունակէ զգուշացնել Թուրքիան Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային համակարգեր գնելու բացասական հետեւանքներէն, ատիկա կը հակասէ Անգարայի պարտաւորութիւններուն` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ: «Ի.Էյ.Տէյլի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
«Ռուսական «Էս-400»-ները անհամատեղելի են ՕԹԱՆ-ի սպառազինութեան հետ, կը սպառնան ՕԹԱՆ-ի ճարտարագիտութիւններու անվտանգութեան, անոնք չեն համապատասխաներ Թուրքիոյ` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութեան պարտաւորութիւններուն: Մենք նախազգուշացուցած ենք եւ կը շարունակենք զգուշացնել Թուրքիան` չընդունելու այս համակարգերը», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Փրայս:
Անոր համաձայն, Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի կարեւոր անդամ է, ուստի կարեւոր է, որ այդ երկիրը ինք գիտակցի «Էս-400»-ներու ձեռքբերման եւ դաշինքի ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններու անհամապատասխանութեան:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, որ իրենք պատրաստ են «Էս-400»-ներուն վերաբերեալ «թեքնիք մտահոգութիւն»-ը փարատելու, «որովհետեւ տրամաբանական լուծումները միշտ կարելի են»:



