Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք «Ռոսիյսքայա կազեթա»¬ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային կապերու վերականգնման, Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու եւ յարակից այլ նիւթերու:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ փոխադրամիջոցային ոլորտին մէջ ի՛նչ ենթակառուցային նախագիծեր կրնան իրականացուիլ յառաջիկային Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ, Ռուսիոյ փոխվարչապետը ըսած է.«Անդրկովկասի մէջ բարի կամքի գոյութեան պարագային փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնը պիտի ապաշրջափակուի, առեւտուրը պիտի սկսի զարգանալ, երկու երկիրներու տնտեսութիւնները զարգացման հզօր նոր խթան պիտի ստանան, եւ մարդոց կեանքը պիտի բարելաւուի: Կարեւորը այն է, որ այդպիսի բարի կամք գոյութիւն ունենայ:
«Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միացեալ եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ ստեղծուած է եռակողմ աշխատանքային խումբ` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու միացեալ նախագահութեամբ, որուն յանձնարարուած է զբաղիլ շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման հարցով: Ճիշդ սկիզբէն մենք գործընկերներուն հետ համաձայնած ենք` այնպիսի մօտեցում ընտրած ենք, որ հիմնուած է ողջախոհութեան վրայ»:
Ան նշած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները շատ բարդ են եւ բազմաշերտ, ինչ որ եկած է դարերու խորքէն: Պաշտօնատարը նշած է, որ շատեր սարսափելի վիշտ ապրած են, լքած են իրենց տուները, կորսնցուցած ամէնէն մօտիկ մարդիկը: Այս մասին միշտ պիտի յիշուի: Այսօր կարեւոր է սորվիլ իրարու հետ հաղորդակցիլ եւ միասին աշխատիլ հասարակաց խաղաղ ապագայ ստեղծելու համար:
Ռուսիոյ փոխվարչապետը աւելցուցած է, որ աւելի քան երեսուն տարի երկու երկիրներու պետական կառոյցները համակարգուած աշխատած են իրարու դէմ, եւ այժմ անոնք պէտք է լուծումներ փնտռեն եւ փոխզիջումներու դիմեն:
«Ատիկա մարդոց համար դժուար է, որովհետեւ անոնք կը կրեն նախորդ կեանքի եւ իրենց երկիրներու յարաբերութիւններուն պատմութիւնը: Երբ այս բոլոր լուծումները գտնուին, եւ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը որոշեն, որ պատրաստ են զանոնք կեանքի կոչելու, այդ ժամանակ կարելի պիտի ըլլայ սկսիլ ճամբաներու վերականգնումը, ապա վերսկսիլ փոխադրամիջոցային կապերը: Գլխաւորը լաւ ապագան տեսնելն է, եւ, ի հարկէ, կարեւոր է, որ այժմ ոչ ոք ձեռնարկէ քայլերու, որոնք առաւել եւս պիտի բարդացնեն այս առանց այդ ալ բարդ յարաբերութիւնները», ըսած է ան:



