Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգները Կ՛ուզեն Համագործակցիլ Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

June 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ ցանկութիւն կը յայտնեն բազմաթիւ ոլորտներու մէջ համագործակցելու Թուրքիոյ հետ: Այս մասին «Թէ.Ռէ.Թէ. ՀԱՊԵՐ» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:

«Մենք կը տեսնենք, որ Միացեալ Նահանգներ կը ցանկան համագործակցիլ մեզի հետ ո՛չ միայն Լիպիոյ եւ Սուրիոյ հարցերուն մէջ, այլ նաեւ Միջերկրական եւ Սեւ ծովերէն մինչեւ Կովկաս», ըսած է Չաւուշօղլու:

Անոր համաձայն, Անգարան դրական օրակարգով կը մօտենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ու անոր ամերիկացի գործընկեր Ճօ Պայտընի միջեւ տեղի ունենալիք յառաջիկայ հանդիպումին:

Չաւուշօղլու աւելցուցած է, որ թրքական կողմը նմանատիպ ազդանշաններ կը ստանայ Ուաշինկթընէն: 14 յունիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ կը նախատեսուի անձնական հանդիպում Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն միջեւ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ձեռք բերելու խնդիրին, ներառեալ ամերիկեան «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու Անգարային հաւանական փոխանցումը: «Պարտադիր չէ, որ ըլլայ «Փաթրիոթ»: Եթէ Միացեալ Նահանգներ երաշխիքներ չտայ «Փաթրիոթ»¬ի վերաբերեալ, մենք կրնանք հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ստանալ մեր միւս դաշնակիցներէն», ըսած է թուրք դիւանագէտը:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը խօսած է նաեւ թուրք¬ֆրանսական յարաբերութիւններու վիճակին մասին եւ ըսած, որ կը նախատեսուի Ֆրանսայի առեւտուրի նախարարի այցելութիւնը Թուրքիա:

Պատասխանելով Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններուն մասին հարցումին` Չաւուշօղլու շեշտած է, որ անոնց զարգացման համար անհրաժեշտ է, որ «Իսրայէլը հրաժարի իր յարձակողական քաղաքականութենէն»:

 

Նախորդը

Պլինքըն Խօսած Է Պայտըն-Էրտողան Հանդիպումի Ընթացքին Քննարկուելիք Նիւթերուն Մասին

Յաջորդը

Պայտըն Խոստացած Է Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Անոր Յիշեցնել, Որ «Ամերիկան Վերադարձած Է»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.