Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Խօսած Է Պայտըն-Էրտողան Հանդիպումի Ընթացքին Քննարկուելիք Նիւթերուն Մասին

June 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութիւններու քննարկումը պիտի դառնայ երկու երկիրներու նախագահներ Ճօ Պայտընի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յառաջիկայ հանդիպումի օրակարգի հիմնական հարցը: Այս մասին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ լսումներու ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:

«Վստահօրէն կրնամ ըսել, որ երբ նախագահ Պայտըն հանդիպի նախագահ Էրտողանի հետ, ատիկա պիտի ըլլայ օրակարգի հիմնական կէտը», ըսած է ան:

Պլինքընի կարծիքով` Թուրքիան «խորապէս մտահոգող» գործողութիւններու ձեռնարկած է Արեւելեան Միջերկրականի մէջ: «Ես նաեւ կ՛ըսեմ, որ մենք շահագրգռուած ենք Թուրքիան Արեւմուտքին «խարսխուած» պահելով: Մենք ունինք կարեւոր եւ համընկնող շահեր Սուրիոյ մէջ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, Աֆղանիստանի մէջ, Ռուսիոյ եւ Իրանի որոշակի վնասակար ազդեցութիւնը ետ մղելու առումով: Սակայն մենք պէտք է ուղղակիօրէն գործ ունենանք տարակարծութիւններու հետ», աւելցուցած է ան:

Կը նախատեսուի, որ Էրտողանի եւ Պայտընի միջեւ հանդիպումը տեղի ունենայ 14 յունիսին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ: Ասիկա պետութիւններու ղեկավարներու պաշտօնին մէջ պիտի ըլլայ անոնց առաջին հանդիպումը. Թուրքիան ատոր կը սպասէր ձմեռուընէ ի վեր:

 

Նախորդը

Իրանն Ու Ազրպէյճանը Երկաթուղային Ենթակառոյցներու Զարգացման Յուշագիր Ստորագրած Են

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգները Կ՛ուզեն Համագործակցիլ Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.