Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու ճակատումներ:
Սաժես արձանագրեց բաւական տպաւորիչ եւ կէտերու մեծ տարբերութեամբ յաղթանակ մը, երբ 122-71 արդիւնքով (11-32, 41-54, 58-97 եւ 71-122) յաղթական վերադարձաւ Անիպալ Զահլէի դաշտէն:
Յաղթական կազմէն Նետիմ Սուէյտ նշանակեց 32 կէտ, մինչ Անիպալէն Քրիսթոֆըր Մաալուֆ` 33 կէտ:
Իսկ Պէյրութ, որ հիւրընկալեց Աթլասը, իր կարգին արձանագրեց մեծ յաղթանակ մը` 95-56 արդիւնքով (19-19, 42-29, 72-44 եւ 95-56):
Պէյրութէն Ժորժ Պէյրութի նշանակեց 24 կէտ, իսկ Աթլասէն Ճոյ Զալլում` 18 կէտ:



