Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Դերը Կարելի Չէ Գերագնահատել» Կ՛ըսէ Զախարովա

June 4, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու դերը դժուար է գերագնահատել: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան լուծման ուղղութեամբ աշխատանքները կը կատարուին ամէն օր:

«Խորհրդակցութիւններ, բանակցութիւններ կ՛ընթանան արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Արտաքին գործոց նախարարութիւններու եւ դեսպանատուներու հետ մենք կը գործակցինք բառացիօրէն ամէն օր: Արտաքին գործոց նախարարներու, ինչպէս նաեւ թէ՛ Ռուսիա-Ազրպէյճան, թէ՛ ալ Հայաստանի հետ հեռաձայնային խօսակցութիւններու վերաբերեալ հաղորդագրութիւնները պարբերաբար կը հրապարակուին… մեր երկիրը վիթխարի ջանքեր գործադրած է այս կացութեան լուծման համար, թէ՛ ատոր թէժ… թէ՛ յետհակամարտային փուլին մէջ», ըսած է Զախարովա:

Ան աւելցուցած է, որ խօսքը ո՛չ միայն քաղաքական, այլ նաեւ երկրի ղեկավարութեան դիւանագիտական, ինչպէս նաեւ անձնական ջանքերուն մասին է: «Եւ, ի հարկէ, մեր խաղաղապահներուն դերին մասին. անոնք ամէն օր կը ներդրեն իրենց ուժը, հոգին, արհեստավարժութիւնը եւ հմտութիւնները, որպէսզի կացութիւնը… կարգաւորուի: Եւ որպէսզի քաղաքական գործիչները, դիւանագէտները, հասարակական գործիչները արդէն կարողանան կատարել իրենց գործառոյթները: Հետեւաբար, ռուս խաղաղապահներուն դերը այս դէպքերուն մէջ գերագնահատել կարելի չէ», եզրափակած է ան:

 

Նախորդը

«Ազրպէյճանը Պատրաստ Է Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութեան Համար Հայաստանի Հետ Բանակցութիւններու Սկսելու, Սակայն Հայաստանը Տակաւին Չէ Արձագանգած» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

Մաքրոն Ալիեւին Խորհուրդ Տուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Առաքելութեան Արտօնել Արցախ Այցելել

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.