Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 111 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ պետական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ քաղաքացիները պատուաստելու նպատակով կազմակերպուած «Ասթրազենիքա»-ի մարաթոնը յաջողութիւն արձանագրած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը Պեքաայի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ գրաւած է 7 բեռնատարներ, որոնք բեռցուած եղած են պենզինով, պիւթակազով եւ ալիւրով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի ցուցմունքներ տուաւ 96 միլիառ լ. ոսկի տրամադրելու քաղաքապետութիւններուն` իբրեւ 2018-ին քաղաքապետարաններուն տրամադրուելիք բարգաւաճումի ծրագիրներու իրականացման աշխատանքին վերաբերող գումար:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Միրիթ Ճուհլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-դանիական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինին, որուն հետ քննարկեց Աքքարի պահանջներուն վերաբերող հարցեր:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կարեւոր նկատեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարող մութ ուժերուն որոնումը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ ինք կը շարունակէ ընդդիմութեան մէջ մնալ եւ պայքարիլ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ միակ զոհը լիբանանցին է: «Լիբանանցի քաղաքացիները կարելի է փրկել ոչ համայնքային լիբանանեան համակարգով մը», ըսաւ Ժեմայէլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ կոչ ուղղեց Պէյրութի եւ ամբողջ Լիբանանի ընտանիքներուն ընկերային հարցերու նախարարութեան ե-հարթակին ընդմէջէն արձանագրուելու «Ամէնէն աղքատ ընտանիքներու ծրագիրին», որ պիտի սկսի այսօր` երեքշաբթի, 1 յունիս 2021-ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 30 յունիս:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլ սկսած է լրջօրէն զգալ այն գոյութենական վտանգը, որ կը սպառնայ իր գոյացութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքին, որուն ներկայացուց կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու կուսակցութեան կեցուածքը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցով յառաջիկայ ժամերուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ բացայայտել, թէ ո՛վ է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարողը եւ ո՛վ է այդ հոլովոյթը դիւրացնողը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի նոր միտքեր պիտի առաջարկէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ քաղաքական ներկայ բոլոր հաշիւները, գրաւներն ու խուսանաւումները կը տապալին` քաղաքացիին քաղցին դիմաց:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եագուպ մտավախութիւն յայտնեց, որ այս փուլին ընթացքին երկիրը ընտրութիւններու կառավարութեան դէմ յանդիման գտնուի:

«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ֆրանսա կ՛ընդգծէ, թէ կառավարութեան մաս կազմող նախարարները միաժամանակ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուներ չըլլան, եթէ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող կառավարութիւն մը:

 

Նախորդը

Պետական Հաշուեքննիչ Ատեանը Կը Հաստատէ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Պահանջներուն Իրաւացիութիւնը

Յաջորդը

Ուահապ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Յառաջիկայ Մարտին Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունենան Կանխահաս Նախագահական Ընտրութիւններ»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.