Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Այսպիսի Մայիս Մը Վայել Չէ Հայ Ժողովուրդին

June 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումին 103-րդ տարեդարձը ամբողջ հայաշխարհը կը գտնէ ծանրօրէն վիրաւոր կացութեան մէջ:

Հայոց պատմութեան ամէնէն փառապանծ եւ հայ ժողովուրդի գերազանցապէս տօներուն տօնը նկատուող մեր թանկագին անկախութեան նշումը այս անգամ ծածկուած է սուգի քողով, որ գրեթէ եօթը ամիսէ ի վեր պատած է Հայաստան աշխարհը` իր Արցախով ու սփիւռքով:

Առաջին անգամն է մեր երեսնամեայ վերանկախացեալ հայրենիքին պատմութեան մէջ, որ անկախութեան իտէալի ամրագրման 28 մայիսի այս օրը հայ ժողովուրդը զայն պիտի նշէ հոգիի պրկումով, ցասումով, հարցականներով` իր հայեացքը ուղղած անորոշութեան մշուշոտ հորիզոնի մը վրայ…

Ո՛չ մէկ ատեն, նոյնիսկ` խորհրդային տարիներուն, այսքա՜ն հիասթափութիւն, այսքա՜ն ճնշում չէ ապրած հայ մարդը, որքան` այսօր:

Հայոց պետականութեան հաստատման փառապանծ տարեդարձը դառնալու փոխարէն` ազգային ներշնչումի ու վերելքի բոցավառում, դառնալու փոխարէն այսօր ապշահար ու երկչոտ նայուածքով ականատես կ՛ըլլանք հայոց պետականութեան վտանգումին, որուն մեզ առաջնորդեցին հազիւ երեք տարի առաջ հայ ժողովուրդի վերակենդանացման իղձերը շահագործած ու մսխած «փրկիչներ»:

Մայիսեան յաղթապանծ սերունդի` հայօրէն մտածող ռուբէններու եւ նժդեհներու Հայաստանի տարածքներու հայացման եւ ամրագրման զոհողութիւնները այսօր առ ոչինչ կը դառնան, երբ ազերի գրոհը ներխուժած է Սիւնիք, վտանգելով ամբողջ Հայաստանի լինելութեան հիմերը, մինչ քաղաքականօրէն հեղինակազուրկ վարչախումբը անգամ մը եւս հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ` ջլատելով եւ կազմաքանդելով ազատ ու գերիշխան ապրելու իւրաքանչիւր հայու ազգային ինքնութիւնը:

Եւ մինչ հայ ժողովուրդը իր վերանկախացումէն ու Արցախի առաջին հերոսապատումէն ետք իմաստ եւ արժէք տուաւ մայիս ամիսին` իր եռատօնով, որուն մէջ, բացի Համաշխարհային Բ. պատերազմի հայ զինուորի քաջութենէն, ապրեցաւ ու ներշնչուեցաւ Շուշիի ազատագրութեան ու մայիսեան անկախ պետականութեան զոյգ յաղթանակներով. այսօր Շուշին դարձած է իրապէս «տժգոյն», իսկ անոր յաղթանակի նշումը ցաւով դիմաւորուեցաւ յաղթութեան խորհրդանիշ եղող եկեղեցւոյ քանդուած գմբէթին տեսքով:

Սակայն, որքան ալ ընկճուած, որքան ալ հիասթափուած ըլլանք պատմական մռայլ այս պահերուն, 1918-ի հայոց ազատագրութեան, Հայաստանի պետականութեան ստեղծումի` 28 մայիսի այս օրը ո՛չ մէկ ատեն, ո՛չ մէկ պարագային, ո՛չ մէկ ազգային նուաստացումի մռայլ պահերուն կրնայ եւ պէտք է կորսնցնէ իր լուսաճաճանչ ու ոգեւորող իմաստը:

Պիտի կարողանա՞նք մեր վրայէն թօթափել պարտուողական զգացումը եւ անվախօրէն դարձեալ մեր նայուածքը ուղղել մայիսը կերտող այն սերունդին, որուն ազգային եւ քաղաքական պատգամները տասնամեակներ շարունակ ներշնչեցին եւ վառ պահեցին հայու ազատատենչ ոգին:

Պիտի կարողանա՞նք օրինակ առնել Արցախի ազատագրութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած նորօրեայ ֆետայիներու զոհաբերութենէն, որոնք մայիսեան սերունդի օրինակով մեր արծուեբոյնի բերդը ամուր եւ կանգուն պահեցին:

Պիտի կարողանա՞նք մեր հոգիներուն մէջ հաստաբուն կաղնիի մը նման ոտքի պահել 2020-ին իրենց քսան տարիներու անուշ կեանքը մատաղ ըրած հայորդիներու զոհաբերութիւնը, որոնք քաջասրտութեամբ դիմադրեցին թուրքին ու անոր վարձկաններուն նենգ ու անհաւասար խուժումը ազատ Արցախի հողին վրայ:

Պիտի կարողանա՞նք ըսել «Ո՛չ»` քաղաքական այն բոլոր գաճաճներուն, որոնք իրենց հասակին հաւասարեցուցին հայու ձգտումները, միանգամընդմիշտ անոնց դուրս շպրտելով հայու կեանքէն:

Պիտի կարողանա՞նք ամէն մէկս իր ուժով, իր կամքով ու յոյսով տէր կանգնիլ մեր փոքրիկ Հայաստանին ու վիրաւոր Արցախին:

Ուրիշ պատասխան չի կրնար ըլլալ, քան` հաստատակամ «Այո՛»-ն:

Հայ ժողովուրդը արժանի չէ նման մայիսի, հայ ժողովուրդը պէտք է վերականգէ իր սրտի մայիսը, այն, երբ Շուշին կը շնչէր իր անառիկ ժայռերու յաղթանակով, այն, երբ Արամի տեսլականը հայու բեկորները առաջնորդեց դէպի ազատ ու անկախ Հայաստանի անդաստանը:

Այս տարի կը բոլորենք վերանկախացեալ Հայաստանի 30-ամեակը: Տարեդարձ մը, որ իր կարգին խոցուած է համազգային մռայլ սուգի հեղձուցիչ ամպին մէջ:

Առանց մայիսեան անկախութեան հիմնասիւնին` չի կրնար ամուր կանգնիլ մեր նորօրեայ անկախութեան պատուանդանը:

Հայ քաղաքական միտքը պէտք չէ թոյլ տայ, որ մսխուի 28 մայիս 1918-ի հերոսապատումի այսօրուան արգասիքը հանդիսացող մերօրեայ հայրենի պետականութեան անգնահատելի հարստութիւնը: Այն պէտք է հարազատ սեփականութիւնը դառնայ համայն հայութեան` իր համազգային արժէքին մէջ պանծացնելով մայիսեան խորհուրդը, պետական կենսափորձի պատմական լիարժէք գնահատումով:

Ժամանակը հասած է հայ ժողովուրդի վերջին հարիւրամեակի պատմական ակունքներուն մէջ դարձեալ վերագտնելու այն ուժն ու մղումը, որպէսզի գալիք սերունդները, հայու վայել յեղափոխական ոգիի առաջնորդութեամբ, տէր կանգնին մեր ամբողջական հայրենիքին ու ժամանակաւորապէս պոկուած մեր արծուաբոյնի վերադարձին մայր Հայաստանի ծոց:

Պէտք չէ թոյլ տանք, որ պարտուողական հոգեբանութիւնը մրոտէ հայու ազատատենչ ոգին:

Ազգովին պարտք ունինք հազարաւոր զոհուած հայորդիներուն. այն պարտքը, որ մեզի կտակեց Վրացեաններու սերունդը` արմատաւորելով Հայաստանի Հանրապետութեան գոյատեւումը իբրեւ սերունդներու ապագայի յոյսը:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մայիսեան Միակամ Եւ Միահամուռ Ծառացում

Յաջորդը

Հայ Ուսանողներու Համահայկական Ժողով. Ուսանողութիւնն Ի Գործ Յանուն Մայր Հայրենիքի Եւ Նրա Շարունակութեան` Սփիւռքի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.