Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանային Վէճերուն Ուժի Դիմելը Անընդունելի Նկատելով. ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կ՛ուղղեն` Ազատ Արձակելու Պատերազմական Գերիները Եւ Վերատեղակայելու Զօրքերը

May 31, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 28 մայիսին յայտարարութիւն հրապարակեցին վերջերս Ազրպէյճանի կողմէ Գեղարքունիքի մարզի մէջ վեց հայ զինուորի գերեվարման առնչութեամբ:

«27-28 մայիսին համանախագահները խորհրդակցութիւններ ունեցած են Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Փիթըր Մաուրերի եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ: Հանդիպումներուն մասնակցած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Համանախագահները ի գիտութիւն ընդունած են մայիսի 27-ին 6 հայ զինուորներու բերման ենթարկելու տեղեկութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղեն` ազատ արձակելու բոլոր պատերազմական գերիները եւ պահուող անձերը` «Բոլոր` բոլորին դիմաց» սկզբունքով:

«Համանախագահները կ՛ընդգծեն պարտաւորութիւնը` միջազգային մարդասիրական օրէնսդրութեան համապատասխան վերաբերելու պահուող անձերուն հետ: Անոնք կողմերուն վճռականօրէն կոչ կ՛ուղղեն` անյապաղ վերացնելու Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական մուտքի բոլոր սահմանափակումները եւ ամբողջութեամբ իրականացնելու նոյեմբերի 9-ի զինադադարի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները:

«Համանախագահները մտահոգութեամբ ի գիտութիւն կ՛ընդունին նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան ոչ գծանշուած սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերու մասին վերջին քանի մը հաղորդագրութիւնները: Սահմանային վէճերը լուծելու համար ուժի գործադրութիւնը կամ սպառնալիքը անընդունելի են: Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք`  անյապաղ քայլերու, ներառեալ զօրքերու տեղափոխման ձեռնարկելու` կացութեան լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ սահմանազատման համար: Անոնք պատրաստ են աջակցելու այս հոլովոյթին նպաստելու հարցին:

«Հաշուի առնելով ԵԱՀԿ-ի իրենց լիազօրութեան պայմանները եւ տարածաշրջանի բոլոր բնակիչներու ձգտումները` դէպի կայուն, խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայ, համանախագահները կրկին կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային գործելու իրենց հովանիին տակ»:

 

 

 

 

Նախորդը

Քուէներու 95,1 Առ Հարիւրով Պաշշար Ասատ` Սուրիոյ Նախագահ

Յաջորդը

Ալիեւ. «Մինչեւ Հիմա Չեմ Գիտեր Փաշինեան Անձնատուական Հռչակագիրի Ո՛ր Անկիւնը Ստորագրած Է»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.