Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով, Հայաստանի ֆութսալի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսակիր դարձաւ Լէօ, որ աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին 4-3 արդիւնքով յաղթեց Արարատ-Արմենիային:
Իսկ երրորդ դիրքի մրցումին յաղթականը եղաւ Լուսառատ:



