Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցութեամբ 1031 Երկսեռ Վազողներու` Պէյրութի Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Աղջկանց 21 Քմ-ի Վազքի Մրցումը

May 24, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի մարաթոնի միութեան, երէկ` կիրակի, 23 մայիսին, Պէյրութի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ աղջկանց 21 քմ-ի (մրցանակային), ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց 21 քմ-ի (ոչ մրցանակային) վազքի մրցումը` մասնակցութեամբ 1031 երկսեռ վազողներու:

Աղջկանց վազքի մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ առաւօտեան ժամ 6:30-ին, Լիբանանի քայլերգով:

Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ-հիմնադիր` Մէյ Խալիլ, վազողներուն իր ուղղած խօսքին մէջ ըսաւ«Այսօր կու գանք բոլորին ըսելու, որ Լիբանան պիտի չմեռնի, եւ այս վազքի մրցումին շնորհիւ բոլոր լիբանանցիները միշտ ալ իրարու մօտ խմբուած պիտի ըլլան, եւ ինչ ալ որ ըլլան դժուար պայմանները, անոնք երկրին պատասխանատուներէն պիտի պահանջեն ապահովութիւն, որպէսզի բոլորը միասին ապրին խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ:

«Յոյսով ենք, որ մօտիկ ապագային կը յաջողինք մարաթոնի այլ մրցումներ ալ կազմակերպել եւ Լիբանանին վերադարձնել անոր անցեալի փառքի օրերը:

«Յաջողութիւն կը մաղթենք այսօրուան մարաթոնին բոլոր վազողներուն»:

Ողիմպիականի վազքի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանցի Շիրին Նըժէյմ յաջողեցաւ լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատել, երբ արձանագրեց 35 վայրկեան եւ 35 երկվայրկեան արդիւնք մը:

Լիբանանեան նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Լէա Իսքանտարի (39′ 37”), անիկա արձանագրուած էր 2019-ին:

Ինչ կը վերաբերի ոչ մրցանակային մարաթոնին, տղոց առաջին դիրքը գրաւեց լիբանանեան բանակին մաս կազմող Պիլալ Աուատա (1 ժամ 14′ 59”), մինչ աղջկանց պարագային առաջին հանդիսացաւ Արզ ակումբին մաս կազմող Քաթիա Ռաշետ (1 ժամ 31′ 34”):

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Եւ Հրաչեայ Պօղոսեան` Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Ախոյեաններ

Յաջորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Յաղթական Մեկնարկը

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.