Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Քալիպաֆ երէկ յայտարարեց, որ 22 մայիսին աւարտած է Իրանի հիւլէական կեդրոններու հսկողութեան վերաբերեալ Թեհրանի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան միջեւ ժամանակաւոր եռամսեայ համաձայնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:
«22 մայիսէն եռամսեայ համաձայնագիրի աւարտէն ետք գործակալութիւնը այլեւս հասանելիութիւն պիտի չունենայ հիւլէական կեդրոններուն մէջ տեսախցիկներու հաւաքած տուեալներուն», ըսած է խորհրդարանի նախագահը:
Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ Թեհրանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ գործարքի երկարաձգման շուրջ:
23 փետրուարին Իրանի մէջ ուժի մէջ մտած էր իրանեան նոր օրէնքի կէտ մը, որ կը սահմանափակէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տեսուչներու իրանեան հիւլէական կեդրոններ մուտքը:



