Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:
«Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն եւ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու քննարկած են Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, ներառեալ Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանին վերաբերող հասարակաց շահերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Պլինքըն նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աջակցիլ ՕԹԱՆ¬ի դաշնակիցներու` Թուրքիոյ եւ Յունաստանի բանակցութիւններուն, եւ կարեւոր նկատած է մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու խրախուսումն ու պաշտպանութիւնը:



