Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆ ԿՈՂՄԷՆ ԵԿԱԾ ՀԱՅԵՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ՄԸ ԸՐԻՆ»

February 3, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթի կիրակի, 29 յունուար 2012-ի յաւելուածին մէջ յայտնի հրապարակագիր ու համալսարանի դասախօս Պասքըն Օրան ստորագրած էր ինքնատիպ յօդուած մը, որ նախ զարմանք կը պատճառէր, յետոյ` կը պարզէր նշանակալից խորհուրդ մը: Պասքըն Օրանի յօդուածը կը կրէր տարօրինակ խորագիր մը. «Անգարայի մէջ հայերու ուժի ցուցադրութիւնը»: Հայերը ինչպիսի՞ ցոյց մը ըրած էին Անգարայի մէջ` կրելով վերտառութիւններ, որոնց վրայ մէկ-մէկ խաչ քաշուած էր Կիւլին, Էրտողանին ու Տաւութօղլուին դէմքերուն վրայէն, եւ անոնց տակ գրուած էր` «Թշուառներ»: Հայերը ե՞րբ Անգարայի մէջ ցոյց մը ըրած էին:

Արդ, Պասքըն Օրան որպէս ամենավերջին լուր` կը գրէր, որ Անգարայի մէջ, երբ լսուեցաւ, որ «ցեղասպանութիւն եղած է» ըսողները պատժող թիւ 301 օրէնքը կը պահէր իր ուժը, բողոքի մեծ ցոյց մը կազմակերպուեցաւ աշխարհի զանազան երկիրներէն Անգարա ժամանած հայերու կողմէ: Ցոյցի ընթացքին մեծ թիւով հայեր Հայաստանի դրօշակը պարզեցին, հայանպաստ լոզունգներ պոռացին, վերտառութիւններով քննադատեցին Թուրքիոյ Հանրապետութեան ղեկավարները: Երբ հայ ցուցարարները ուզեցին քալել դէպի խորհրդարան, ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ: Այդ միջոցին ոստիկաններուն արձակած կազերէն կարգ մը ցուցարարներ անհանգստացան ու փոխադրուեցան Հաճեթթեփէ հիւանդանոց: Արտաքին գործոց նախարարութենէն վերջին վայրկեանին եկած հրահանգով` ոստիկանները արտօնեցին, որ հայերը քայլարշաւ մը իրականացնեն:

Հայ ցուցարարները Եւրոպայէն ու Հայաստանէն եկած էին մասնաւոր օդանաւերով, բայց 600 օթոպիւսներով հայեր ալ եկած էին մասնաւորաբար Լիբանանէն ու Սուրիայէն: Ցուցարարներուն թիւը հասած էր քառասուն հազարի, ասոնք թիւ 301 օրէնքին դէմ բողոքներ արձակեցին ու քալեցին դէպի Թուրքիոյ խորհրդարանը: Ցուցարարները քալելու ընթացքին թրքերէն լոզունգներ ալ կ՛արձակէին, կը պոռային. «Զա՛րկ, զա՛րկ, թող աղաղակէ, Էրտողանը թող իմանայ», «Ո՞ւր է կարծիքի ազատութիւնը, հոստեղի բոլոր հայերը պիտի բանտարկէ՞ք»: Ցուցարարները «կարմիր-կապոյտ-նարնջագոյն» կը պոռային, կը պոռային նաեւ «Աստուած մեծ է»: Անոնց միջեւ էին «Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէ» կոչուած մարմինի մը անդամները: Անգարայի ժողովուրդը մեծ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ, երբ ցուցարարները պարզեցին վերտառութիւններ, ուր Կիւլին, Էրտողանին ու Տաւութօղլուի դէմքերուն վրայ խաչ քաշուած էր ու տակն ալ գրուած էր` «Թշուառներ»:

Խումբ մը թուրք ազգայիններ հակացոյց մը ըրին ու պոռացին. «Թուրքերը ցեղասպանութիւն չեն ըներ, եթէ ընէին, մէկ հայ մնացած չէր ըլլար: Ցեղասպանութեան պնդումը մեծ սուտ մըն է»:

Ոստիկանութիւնը միջամտեց ու չարտօնեց, որ երկու խմբակներուն միջեւ բախում մը պատահի: Հայերը իրենց ցոյցը աւարտին բերին երգելով Հայաստանի ազգային քայլերգը` «Մեր հայրենիք»-ը ու ցրուեցան առանց ուրիշ միջադէպի տեղ տալու:

Պասքըն Օրան, որ այս լուրը կը հաղորդէր որպէս վերջին վայրկեանի լուր, իսկապէս զարմանքի կը մատնէր ընթերցողը, որ հարց կու տար, թէ ինչպէ՛ս կը պատահէր, որ հայերը Անգարայի մէջ այսպիսի ցոյց մը կ՛ընէին ու մենք լուր չէինք ունենար: Բայց պատասխանը յօդուածին վերջաւորութեան վրայ է: Պասքըն Օրան, որպէս անհրաժեշտ նօթագրութիւն, յօդուածի վերջաւորութեան կը գրէ, որ վերի լուրը ամբողջովին երեւակայական է: Ասիկա հեգնական գրականութիւն մըն է: Անգարայի մէջ հայերը ցոյց եւ այլն չեն ըրած: Ասիկա թուրքերու կողմէ Փարիզի մէջ 40 հազար հոգիով կատարուած ցոյցին նոյնութեամբ Թուրքիա փոխադրուած հակադիր մէկ ձեւն է:

Յայտնի է, որ Պասքըն Օրան ի՛նչ ըսել կ՛ուզէ այսպիսի երեւակայական լուր մը գրի առնելով: Ան այս կերպով ըսել կ՛ուզէ, որ 40 հազար թուրքեր կրնան Փարիզի մէջ ցոյցեր ընել, խաչեր քաշել սարքոզիներուն դէմքին վրայէն, «Թշուառներ» կոչել զանոնք, բայց հայերը չէին կրնար Անգարա գալ ու նմանօրինակ ցոյց մը ընել: Իսկ ասկէ ալ ի՞նչ հետեւութիւն կը հանուի, ընթերցողը թող ի՛նք տրամաբանէ:

Նախորդը

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՔԼԻՆԹԸՆԸ

Յաջորդը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-Ի. ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄ, ՈՐԴԵԳՐՈՒՄ ԵՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.