Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Միջնորդութեամբ «Հանգուցալուծում»` Սեւ Լիճի Շուրջ Ազրպէյճանական Ոտնձգութեան Հարցին

May 17, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին 5 օրերուն` 12 մայիս 2021-էն սկսեալ, երբ ազրպէյճանական զինուած ուժերը, «սահմաններու ճշգրտման» հիմնաւորումով, փորձած էին  որոշակի աշխատանքներ իրականացնել Սիւնիքի սահմանային հատուածներէն մէկուն մէջ, տեղի ունեցան զանազան զարգացումներ, որոնք շարունակուեցան մինչեւ երէկ երեկոյեան:

Արդարեւ, 14 մայիս 2021-ին տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ, որուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ նամակով դիմած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որպէսզի Ռուսիա զինուորական օգնութիւն ցուցաբերէ Հայաստանին` 1997-ի Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան մասին պայմանագիրին համաձայն: Սակայն, Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Փաշինեան օգնութիւն չէ խնդրած Ռուսիայէն:

Փաշինեան նաեւ ըսաւ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ, որ ըսած է, թէ ինք կը հետապնդէ, որ հարցը փոխանցուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, եւ յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին հովանաւորութեամբ, ըստ անհրաժեշտութեան, Ֆրանսա պատրաստ է նաեւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցի լուծման միջազգային ջանքերուն:

Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ պաշտօնապէս դիմած է ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի գործող նախագահ, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնին` 15 մայիս 1992-ի «Հաւաքական անվտանգութեան մասին» պայմանագիրի երկրորդ յօդուածի ծիրին մէջ, ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու դիրքորոշումները համակարգելու եւ յառաջացած սպառնալիքի վերացման համար միջոցներու ձեռնարկելու նպատակով արտակարգ խորհրդատուութիւններու անյապաղ սկսելու գործիքակազմը գործադրելու համար: Ան այս մասին, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հանգամանալից տեղեկատուութեամբ նամակներ յղած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի միւս անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն:

Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի աւարտին 86 թեր քուէներով որդեգրուեցաւ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խստագոյնս կը դատապարտուին Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնները` հաստատելով, որ Ազրպէյճանի վարած յարձակողական քաղաքականութիւնը կը խախտէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները:

16 մայիս 2021-ին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստ:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, թէ քննարկուած են հայ-ազրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի լուծման ուղղութեամբ բանակցութիւններու ընթացքին եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի անձեռնմխելիութեան ապահովման ուղղուած հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:

Երէկ վերջ գտան երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները, որոնք տեղի ունեցան ռուս խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին Սիւնիքի նախկին մարզպետ, «Վերածնուող Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան ըսաւ, թէ իր ունեցած տեղեկութիւններով` Սիւնիքի մարզին մէջ ազրպէյճանական չորս դիրք պիտի ըլլայ` իւրաքանչիւրին մէջ 15-ական զինուոր:

«Այսօրուան բանակցութիւններու արդիւնքով պայմանաւորուածութիւն  ձեռք բերուած է Սեւ լիճի տարածքին մէջ ունենալ հաւասարաչափ ուժեր. չորս դիրք պիտի ունենան ազրպէյճանցիները, չորս դիրք հայկական կողմը: Անհեթեթը այն է, որ իրենք կը պարտադրեն, թէ մենք քանի զինուոր ու դիրք ունենանք մեր հողին վրայ», ըսաւ Վահէ Յակոբեանը:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Մարիօ Քեմփես` Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.