Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Վստահաբար Կրնամ Ըսել` 40 Քիլոմեթրնոց Զանգեզուրի Միջանցքը, Որ Մեզ Նախիջեւանէն Կը Բաժնէ, Պիտի Բացուի»

May 12, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

40 քիլոմեթրնոց Զանգեզուրի միջանցքը, որ մեզ Նախիջեւանէն կը բաժնէ, պիտի բացուի: Այս մասին «Ազ Թի.Վի.» պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ան նշած է, որ այդ միջանցքին բացումը 10 նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան կէտերէն մէկն է:

«Փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու մակարդակով աշխատանքային խումբը այդ հարցին շուրջ շատ լուրջ քայլերու ձեռնարկած է: Վստահաբար կրնամ ըսել` երկաթուղային միջանցքը պիտի բացուի: Ազրպէյճանը պիտի կատարէ իր բոլոր պարտաւորութիւնները», նշած է ան` աւելցնելով, որ «Ռուսական երկաթուղիներ»-ը Հայաստանի երկաթուղիներու սեփականատէրն է, այդ պատճառով Պաքուն այդ հարցը աւելի ռուսական կողմին հետ կը քննարկէ:

«Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ գտնուող Զանգելանի մեր հինաւուրց հողին` արեւմտեան Զանգեզուրին միացումը, ապա Օրտուպատի միջոցով` Նախիջեւանին եւ Թուրքիոյ, պիտի ըլլայ մեր յաջորդ պատմական ձեռքբերումը», յայտարարած է ան:

Ան նաեւ կոչ ուղղած է հրաժարելու Արցախի մէջ վրէժխնդրութեան ծրագիրներէն, հակառակ պարագային` այդ վրէժխնդրական ուժերը պիտի կործանին: «Եթէ անոնք յայտարարութիւններէն անցնին գործնական քայլերու, անմիջապէս պիտի կործանին: Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք պաշտպանել: Թող անոնք ոչ մէկուն վրայ յոյս դնեն», ըսած է Ալիեւ:

Անոր համաձայն, Հայաստանը «չունի վրէժխնդրութեան միտքերով ապրելու ուժ, կամք, ինչպէս նաեւ բարոյական իրաւունք: Ատիկա անոնց համար անձնասպանութիւն է»:

«Ես կ՛ուզեմ կրկնել, որ մենք տակաւին կը հետեւինք բոլոր յայտարարութիւններուն: Հայաստանի մէջ թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ՛ բոլոր անոնք, որոնք կը զբաղին քաղաքականութեամբ, կը բարձրաձայնեն Հատրութը, Շուշի քաղաքը վերադարձնելու մասին: Մենք տակաւին զսպուածութիւն կը ցուցաբերենք: Սակայն ես անոնց կը յորդորեմ կրակի հետ չխաղալ: Անոնք գործի մէջ տեսան մեր բռունցքը: Այս բռունցքը իր տեղն է: Ոչ ոք կրնայ մեզի դիմադրել: Եթէ տեսնենք ամէնէն փոքր վտանգը, անոնք անմիջապէս պիտի ոչնչացուին: Եւ անոնք գիտեն այդ մասին: Մենք ատոր համար ուժ, կամք եւ համարձակութիւն ունինք», ընդգծած է Ազրպէյճանի նախագահը:

 

 

Նախորդը

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին Մինչեւ Արդիւնքի Հասնիլը» Կ՛ ըսէ Իրանի Կառավարութեան Բանբերը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Տասնեակ Հազարաւոր Մարդիկ Ցոյց Կազմակերպած Են Եւ Կոչ Ուղղած Երուսաղէմ Զօրք Ուղարկելու

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.