Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին Մինչեւ Արդիւնքի Հասնիլը» Կ՛ ըսէ Իրանի Կառավարութեան Բանբերը

May 12, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի յայտնեց. «Իրան-սէուտական բանակցութիւնները կը շարունակուին մինչեւ արդիւնքի հասնիլը»:

«Սէուտական Արաբիոյ հետ մեր քննարկումները դրական էին, եւ երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւններու լուծման դրական ցուցանիշներ գոյութիւն ունին», նշեց Ռապիհի` աւելցնելով. «Թեհրան եւ Ռիատ Սէուտական Արաբիոյ հետ մինչեւ հիմա կայացած բանակցութիւններու երկու փուլերուն ընթացքին քննարկեցին երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր»:

«Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բանակցութիւնները կատարուեցան կառավարութիւններու ներկայացուցիչներու մակարդակով», ըսաւ ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ մէկ օր առաջ առաջին անգամ ըլլալով հաստատած էր սէուտական-իրանեան բանակցութիւններու գոյութիւնը:

«Սէուտական Արաբիոյ հետ քննարկումները կեդրոնացան երկկողմանի եւ շրջանային հարցերու վրայ, եւ կարելի չէ լրատուամիջոցներուն առջեւ խօսիլ այդ քննարկումներուն մանրամասնութիւններուն մասին», ըսած էր ան:

Խաթիպզատէ նաեւ յայտնած էր, որ իր երկիրը կը յուսայ «Սէուտական Արաբիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ու շրջանային զարգացումներուն շուրջ իսկական փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնել եւ տարակարծութիւնները լուծել` նշելով. «Բանակցութիւններու յաջողութիւնն ու անոնց մէջ յառաջընթացի արձանագրումը կը պահանջէ Ռիատի կողմէ Թեհրանի նկատմամբ քաղաքականութեան ու խօսելաոճի փոփոխութիւն»:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Երկու Պետութիւններու Ստեղծման Ճամբով Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի Լուծման» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Յաջորդը

Ալիեւ. «Վստահաբար Կրնամ Ըսել` 40 Քիլոմեթրնոց Զանգեզուրի Միջանցքը, Որ Մեզ Նախիջեւանէն Կը Բաժնէ, Պիտի Բացուի»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.