Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը չկատարուի Պոլսոյ մէջ:
Աւարտական մրցումին հասած անգլիական երկու խումբերը կը նախընտրեն իրենց այս մրցումը կատարել Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ:
Այսպիսով անոնք կը խուսափին օդանաւային թռիչքներուն հետ «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառած խնդիրներէն:
Նշուեցաւ նաեւ, որ «Քովիտ-19» ժահրը ներկայիս բաւական տարածուած է Թուրքիոյ մէջ:
Վերոնշեալ մրցաշարքին աւարտական ճակատումը տեղի պիտի ունենայ 29 մայիսին, Մանչեսթըր Սիթիի եւ Չելսիի միջեւ:



