Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլ Պէտք Է Դադրի Երուսաղէմի Մէջ Պաղեստինցիներուն Վրայ Յարձակելէ» Կ՛ըսէ Քալըն

May 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ դադրեցնելու Իսրայէլի բռնագրաւումի ուժերուն Երուսաղէմի խաղաղ ու անզէն պաղեստինցի բնակիչներուն դէմ կատարուած բռնութիւնները: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն:

«Իսրայէլ պէտք է դադրի Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներուն վրայ յարձակելէ եւ արգելք հանդիսանայ բռնագրաւողներուն-բնակեցուածներուն սրբազան մզկիթ մուտք գործելէ: Իսրայէլը միայն կը կրէ որեւէ բռնարարքի պատասխանատուութիւնը»:

Ան նշած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յանձնարարականով` Անգարան բոլոր մակարդակներուն վրայ կիրարկած է լծակներ, որպէսզի դադրեցնէ գրաւեալ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի բռնարարքները:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով քննադատեց իսրայէլեան բռնարարքը: «Անոնք, որոնք այս վայրագութեան դէմ չեն խօսիր, պէտք չէ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթին մասին խօսին», գրեց Չաւուշօղլու:

Ան Թուրքիոյ զօրակցութիւնը յայտնեց պաղեստինցի ժողովուրդին` ըսելով, որ Թուրքիան «պիտի շարունակէ մեր պաղեստինցի եղբայրներուն ու քոյրերուն ձայնը ըլլալ եւ պաշտպանել անոնց իրաւունքները»:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Խորհրդատուն Իր Իսրայէլացի Պաշտօնակիցին. «Մեծապէս Մտահոգ Ենք Երուսաղէմի Մէջ Տեղի Ունեցող Բախումներով»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Ոստիկանութիւնը Բիրտ Ուժի Կը Դիմէ. Հարիւրաւոր Պաղեստինցիներ Կը Վիրաւորուին Բռնագրաւեալ Արեւելեան Երուսաղէմի Մէջ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.