Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին

May 10, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առնուազն 100 պաղեստինցիներ վիրաւորուեցան Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներու եւ իսրայէլեան ապահովական ուժերու միջեւ բախումներուն պատճառով:

Ուրբաթ օր շուրջ 205 անձեր վիրաւորուած էին, երբ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը Աքսայի մզկիթին մէջ երեկոյեան նամազէն ետք բախում ունեցած էր պաղեստինցիներու հետ:

Լարուածութիւնը կը մագլցի նաեւ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ Շէյխ Ժարրահ թաղամասէն պաղեստինցի ընտանիքներու վտարման հաւանականութեան պատճառով: Չորեքշաբթի գիշեր այդտեղ 22 անձեր վիրաւորուած էին:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ Աքսայի մզկիթ ներխուժումը եւ Իսրայէլին կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու պաղեստինցի քաղաքացիներուն ու իրենց կրօնական արարողութիւնները ազատօրէն կատարելու իրաւունքին:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարեց, թէ` «սրբավայր ներխուժումն ու խաղաղ հաւատացեալներու վրայ յարձակումը մեծ ոտնահարում մըն է, բարբարոսական արարք մը, եւ բուռն կերպով դատապարտելի է ու մերժելի»: Նախարարութիւնը երէկ նաեւ յայտնեց, որ Արեւելեան Երուսաղէմի վերաբերեալ իսրայէլեան դատարաններու որոշումները միջազգային մարդասիրական օրէնքին հիմամբ անվաւեր են:

Նախարարութեան բանբեր Տայֆալլա Ֆայեզ յայտնեց. «Թագաւորութիւնը` մեկնելով Երուսաղէմի մէջ իսլամական եւ քրիստոնէական սրբավայրերու հաշեմական պատմական հոգատարութենէն, պիտի շարունակէ իր բոլոր կարողութիւնները տրամադրել սրբավայրերու եւ անոնք արաբական իսլամական ու քրիստոնէական ինքնութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ այնտեղ գոյութիւն ունեցող պատմական ու իրաւական կացութեան, ինչպէս նաեւ դէմ դնել իսրայէլեան յարձակումներուն»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ անդրադառնալով Շէյխ Ժարահի մէջ պաղեստինցիներու տուները փլելու վերաբերեալ միջազգային դատապարտման ալիքին` իսրայէլեան կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Իսրայէլ կտրուկ կերպով կը մերժէ իրեն Երուսաղէմի մէջ կառուցելը արգիլելու ձգտող ճնշումները»:

«Որեւէ ծայրայեղական կողմի պիտի չարտօնենք Երուսաղէմի մէջ հանդարտութիւնը ականահարել», ըսաւ ան` պնդելով. «Իրաւունք ունինք Երուսաղէմի մէջ կառուցում կատարելու եւ Երուսաղէմը կառուցելու»:

Մինչ այդ, իսրայէլեան գերագոյն դատարանը յետաձգեց Շէյխ Ժարրահ թաղամասին մէջ պաղեստինեան ընտանիքներու տուները դատարկելու վերաբերեալ իր վերջնական վճիռին այսօր նախատեսուած արձակումը, երբ թաղի բնակիչները դատարանին յայտնեցին, որ կը մերժեն իրենց բնակարաններուն սեփականութեան տէրը ըլլալու մասին պնդող ընկերութիւններու հետ որեւէ համաձայնութիւն կնքել: Դատարանը յայտարարեց, որ դատական նիստի նոր թուական մը պիտի ճշդուի 30 օրէն:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Մեկնարկը Տրուեցաւ Բազմահազարանոց Մեծ Հանրահաւաքով` Յաղթանակի Օրուան Առիթով

Յաջորդը

Ռուհանի Գրեթէ Բոլոր Պատժամիջոցները Ջնջելու Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացումը Կը Յայտարարէ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.