Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիայէն Արձակուած Հրթիռ Մը Ինկաւ Իսրայէլի Տեմոնա Շրջանին Մէջ

April 23, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ արշալոյսին հաղորդեցին, որ Նեկեւի, ինչպէս նաեւ Պիր Սապայի մէջ յստակօրէն լսուած են պայթումի ձայներ, իսկ երկու թեթեւ պայթումներու ձայներ լսուած կեդրոնական Իսրայէլի մէջ` աւելցնելով, որ Տեմոնա շրջանին մէջ ահազանգ հնչած է:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանի կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ դէպքը Կազայի առնչուած չէ` նշելով. «Այն շրջանը, ուր ահազանգ հնչած է, Ապու Քրէյնածն է, որ Տեմոնա շրջանին մօտ է»: Աւելի ուշ, իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ Սուրիայէն ցամաք-օդ հրթիռի արձակում նշմարուած է:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութեամբ դէմ դրած են իսրայէլեան յարձակումի մը, որուն թիրախը Դամասկոսի մօտ դիրքեր էին` աւելցնելով, որ յարձակումին պատճառով վիրաւորուած են 4 զինուորներ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուած:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ սուրիական հրթիռը Նեկեւ, աւելի ճիշդ Տեմոնայի շրջան հասնելու համար անցած է աւելի քան 250 քիլոմեթր:

Իսրայէլեան բանակը խոստովանեցաւ, որ սուրիական հակաօդային հրթիռը վնասազերծելու գործողութիւնը ձախողած է:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» կայքի վերլուծաբան Ռոն պեն Եիշայ յայտնեց, որ, «ըստ բոլոր ցուցանիշերուն», սուրիական հրթիռը «ՍԱ-5» տիպի է եւ դիտաւորեալ չէր արձակուած, այլ «սայթաքում» մըն էր` իսրայէլեան օդանաւի մը դէմ դնելու փորձի հետեւանք մը:

Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ անիկա Տեմոնայի հիւլէական կայանին մօտ Իսրայէլին ուղղուած պատգամ մըն է, թէ իր զգայուն շրջանները պաշտպանուած չեն` նշելով, որ հրթիռը կրնար հասնիլ Տեմոնայի հիւլէական կայան, սակայն պահանջուածը աղէտ պատճառելը չէ:

Իրանեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, Սուրիայէն արձակուած հրթիռը իսրայէլեան պնդումին նման ցամաք-օդ տիպի չէ, այլ ցամաք-ցամաք տիպի:

Իսրայէլեան «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կատարելով նշեց, որ «Իսրայէլի դէմ 200 քիլոկրամ մարտագլխիկով հրթիռի արձակման կացութիւնը կրնար ամբողջովին այլ ձեւի աւարտ ունենալ»` աւելցնելով, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կը քնանայ` պատրաստուելով միայն զբաղիլ իր անձնական հարցերով, եւ իսրայէլացիները անպաշտպան կը ձգէ:

Նախորդը

Ընդդիմութեան Հանրահաւաք` Առ Ի Պաշտպանութիւն Սիւնեցիներու

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան Պաշտօնապէս Հեռացուցած Են «Էֆ-35» Հալածիչներու Արտադրութեան Ծրագիրէն

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.