Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, «Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ն կը քննարկէ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութեան օրէնքները փոխելու տարբերակը:
Այս օրէնքները կը գործադրուին 56 տարիէ ի վեր:
Այս օրէնքներուն համաձայն, եթէ երթուդարձի մրցումներուն արձանագրուած արդիւնքները գումարուին, եւ այդ մէկը հաւասարութիւն տայ, նախապատուութիւնը կը տրուի այն խումբին, որ օտար դաշտի վրայ աւելի կոլ նշանակած է:
Անոր ամէնէն թարմ օրինակը հանդիսացաւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Փարիզ Սեն Ժերմեն-Պայէրն Միւնիխ մրցումը («Չեմփիընզ Լիկ»):
Դարձի մրցումին, թէեւ Պայէրն Ֆրանսայի մէջ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ յաջողեցաւ երթի արձանագրուած արդիւնքը հաւասարեցնել 3-3-ի, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ ֆրանսական կազմը երթին օտար դաշտի վրայ աւելի շատ կոլ նշանակած էր:
Այս պատճառով բնականաբար Պայէրն դուրս մնաց մրցաշարքէն, եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն ինք հասաւ կիսաւարտականին:



