Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարիֆ Եւ Լաւրով Կը Զգուշացնեն Նաթանզի Կայանի Ականահարման` Վիեննայի Բանակցութիւններուն Վրայ Ունենալիք Հետեւանքներէն

April 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Նաթանզի հիւլէական կայանի դէպքին նման ահաբեկչական յարձակումները կը բարդացնեն Ուաշինկթընի համար բանակցութիւններու կացութիւնը:

Ան երէկ Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ «Նաթանզի մէջ իւրանիոմի հարստացումը աւելի արագ կշռոյթով ու աւելի արդիական սարքերով պիտի կատարենք»` աւելցնելով. «Եթէ Նաթանզի յարձակումին Իսրայէլի մեղսակցութիւնը փաստուի, ապա շատ ուժեղ հակադարձութիւն պիտի ըլլայ»:

«Վիեննայի մէջ սահմանափակ առիթ ունինք եւրոպացիներու եւ Ուաշինկթընի` հիւլէական համաձայնութեան մէջ իրենց խոստումներուն յանձնառու դառնալու», նշեց ան:

Զարիֆ նաեւ ըսաւ, որ Լաւրովի հետ շինիչ քննարկումներ կատարած է քաղաքական ու հիւլէական գործակցութեան, Արաբական ծոցի եւ Աֆղանիստանի շրջաններուն մէջ գործակցութեան շուրջ:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ ամերիկացիք պէտք է գիտակցին, թէ պատժամիջոցներն ու խափանարարական արարքները «բանակցութեան սեղանին վրայ անոնց յաւելեալ խաղաքարտեր պիտի չտրամադրեն»` շեշտելով, որ պէտք է նախ եւ առաջ ամբողջովին վերցնել ամերիկեան պատժամիջոցները, նախքան Ուաշինկթընի հետ ուղղակի երկխօսութիւնը:

Լաւրով դատապարտեց Վիեննայի բանակցութիւնները ականահարելու որեւէ փորձ, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց Ծոցի շրջանին մէջ սպառնալիքներու Իրանի մասնակցութեամբ հակադարձութեան միացեալ գործիքակազմի ստեղծման:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը զարմանք յայտնեց Վիեննայի բանակցութիւններուն ընթացքին իրանցի պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու Եւրոպական Միութեան որոշումին նկատմամբ: «Եթէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու հաստատման որոշումը դիտաւորեալ կերպով Վիեննայի բանակցութիւններուն ընթացքին որոշուեցաւ, ապա ատիկա ոճիրէն վատ է», ըսաւ ան եւ նշեց, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու ջնջումը դրականօրէն պիտի ազդէ քարիւղի շուկային վրայ:

Լաւրով ըսաւ, որ Ծոցի շրջանին մէջ տարակարծութիւններու լուծումը բոլոր դերակատարներու, ներառեալ Իրանի մասնակցութեամբ համապարփակ երկխօսութեան ճամբով է:

 

 

Նախորդը

Լաւրովն Ու Զարիֆը Կարեւոր Նկատած Են Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Մնայուն Լուծումը

Յաջորդը

«Ղարաբաղի Մէջ «Իսքանտեր-Մ»-ի Հրթիռներ Գտնելու Հարցը Կը Քննարկեն Զինուորականները» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.