Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ Իսրայէլը պատասխանատու նկատեց իրանեան Նաթանզ հիւլէական կայանին վրայ կատարուած յարձակումին համար:
Ան յայտնեց. «Վերնախաւն ու քաղաքացիները ուշադիր պիտի ըլլան չիյնալու թակարդը, զոր սիոնական գոյացութիւնը լարեց»:
«Սիոնականները կ՛ուզեն վրէժ լուծել իրանցի ժողովուրդէն, պատժամիջոցներու ջնջման հոլովոյթին մէջ անոր արձանագրած յաջողութիւններուն պատճառով, սակայն ատիկա պիտի չարտօնենք եւ սիոնականներու արարքներուն համար վրէժ պիտի լուծենք անոնցմէ», Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի ժողովի ընթացքին ըսաւ Զարիֆ:
«Սիոնական գոյացութեան պատասխանատուները անկեղծօրէն յայտարարած էին, որ Իրանի վրայ պատժամիջոցներու ջնջման հարցին մէջ որեւէ յառաջդիմութիւն պիտի չարտօնեն, եւ անոնք այսօր կը կարծեն, թէ իրենց նպատակը իրագործած են, սակայն Իրանի մէջ հիւլէական մարզին մէջ յաւելեալ զարգացումով պատասխան պիտի ստանան», յայտնեց ան:
«Նաթանզի հիւլէական կայանը այսօր աւելի հզօր է, քան նախապէս, եւ եթէ թշնամին կը կարծէ, թէ հիւլէական բանակցութիւններուն մէջ տկարացած ենք, ապա տեղի ունենալիքը այն է, որ այս երկչոտ արարքը պիտի ամրապնդէ բանակցութիւններուն մէջ մեր դիրքը, եւ երկխօսութեան կողմերը պէտք է իմանան, որ եթէ Իրանի մէջ Իւրանիոմի հարստացման հաստատութիւնները առաջին սերունդի սարքերով կը գործեն, ապա Նաթանզի կայանը կարելի է համալրել զարգացած, հարստացման կրկնապատիկ կարողութեան տէր սարքերով», յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին իր կարգին յայտարարեց, որ Իրան Իսրայէլէն վրէժ պիտի լուծէ Նաթանզի մէջ կատարուած յարձակումին համար, երբ ատիկա անհրաժեշտ նկատէ:
Դիւանագէտին համաձայն, «Նաթանզի հիւլէական կայանին մէջ ոչ մէկ վնաս հասցուած է մարդոց կամ շրջակայ միջավայրին, սակայն ատիկա կրնայ յանգեցնել աղէտի, որ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն է»:
«Բոլոր չաշխատող հնոցները «ԻՐ-1» տիպի էին եւ պիտի փոխարինուին նորերով»:
Իրանի փոխնախագահ Ալի Աքպար Սալեհի կատարուածը որակեց ահաբեկչական գործողութիւն եւ ըսաւ, որ Իրան ինքն իրեն կը վերապահէ մեղաւորներէն վրէժ լուծելու իրաւունքը:
Իրանեան լրատուամիջոցներ, մէջբերելով գաղտնի սպասարկութիւններու աղբիւր մը, հաղորդեցին, որ Նաթանզ հիւլէական կայանին մէջ ելեկտրականութեան մատակարարման խանգարումին պատճառ դարձած անձին ինքնութիւնը ճշդուած է:



