Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր – Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (506). Գրաշարական Սխալ

April 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Յաճախ յիշեցինք ու յիշեցուցինք, որ մեր լեզուին մէջ մէկ գիրը որքան շատ բան կը փոխէ բառերուն իմաստներուն մէջ, որքան կերպարանափոխ կ՛ընէ բառը: Այդ մէկ գիրն է, որ, օրինակ, «Անուշ»-ը «Ապուշ»-ի կը փոխէ` հիմնովին տակնուվրայ ընելով ամէն ինչ: Անոնք, որ հայերէն լեզուն կը գործածեն մանաւանդ գրաւոր կերպով, շատ ուշադիր պէտք է ըլլան գիրերուն խաղացած այս բախտորոշ դերին դէմ, որովհետեւ սխալ գործածուած մէկ գիրը երբեմն կրնայ աղէտ ստեղծել:

Մենք, որ ամէն օր հազարաւոր տողեր կը տպագրենք թերթերու կամ գիրքերու ձեւով, մենք, որ ամէն օր գործ ունինք տպագիր հայ գիրի հետ, ունինք մղձաւանջ մը, որ «Գրաշարական սխալ» կը կոչուի: Ասիկա գրաշարական աշխատանքի ընթացքին սխալ գիրի մը գործածութիւնն է: Կան շատ անվնաս գրաշարական սխալներ, այսինքն` սխալ գիրի գործածութիւն կամ երկու գիրերու ետ-առջեւ յաջորդականութեան սխալ, եւ այլն, որոնք տպագրողին համար թերեւս ամօթալի կը նկատուին, բայց աղէտաբեր չեն: Օրինակ` տպագրիչը մեծ բան չի կորսնցներ, եթէ «Մասնաւոր» բառին տեղ տպէ «Մասնաւոր»: Ընթերցողը կարդալու ընթացքին արդէն կը հասկնայ, որ հոս երկու գիրերը տեղ փոխած են, թէ` ակնարկուած բառը «Մասնաւոր» է: Բայց ի՞նչ կը պատահի, եթէ աղջկան մը մասին խօսելու ընթացքին, փոխանակ «Այս անուշ աղջիկը» նախադասութեան, գրաշարական սխալով տպուի «Այս ապուշ աղջիկը»: Գործը մինչեւ դատարան կրնայ երթալ:

Ամէն խմբագրի կամ տպարանատէրի համար գրաշարական սխալը մտահոգութեան նիւթ է: Խմբագրի կեանքիս մէջ շատ ու շատ անգամներ դժոխային ժամեր ապրած եմ գրաշարական զարտուղի կամ աղէտալի սխալներուն հետեւանքով: Կան գրաշարական սխալներ, որոնք քաղաքական շատ լուրջ հետեւանքներ կը ստեղծեն: Կան նաեւ գրաշարական սխալներ, որոնք սովորական ու գործածական բառի մը տեղ կը գոյացնեն շատ ամօթալի ու ոչ արտասանելի բառ մը: Մեր լեզուն իր ամբողջ հարստութեամբ ու կարելիութիւններով շատ ատակ է տպագրիչին առջեւ նմանօրինակ ծուղակներ լարելու: Ամէն տպարան բնականաբար ունի իր սրբագրիչը, որ մեր մօտ կը կոչուի «Փորձերու սրբագրիչ»: Անոր պարտականութիւնն է գրաշարութեան կամ լեզուական սխալները սրբագրել: Բայց կը պատահի, որ անոր ալ ուշադրութենէն կը վրիպի: Այնքան ալ անսովոր չէ տեսնել, որ գրաշարը, փոխանակ «Անապակ» բառը շարելու, շարած է «Անառակ»: Փոխանակ «Անպատկառ» բառը շարելու, շարած է «Անյատակ»: Փոխանակ «Մաս» շարելու, շարած է «Մազ»: Մէկ գիրը շատ բան կը փոխէ: Որպէս խմբագիր` իրիկուն մը թէ՛ բաւական տառապեցայ, թէ՛ բաւական խնդացի, երբ ընթերցող մը մեզի յիշեցուց, որ հաւանաբար սխալ մը գործած էինք: Հրատարակած էինք լուր մը, ըստ որուն Միջազգային դրամատունը 50 միլիոն տոլարի օգնութիւն մը պիտի կատարէր Հայաստանին: Ընթերցողը հեռաձայնեց ու հարցուց, թէ այդ օժանդակութիւնը Հայաստանի՞ն պիտի կատարուէր, թէ Հայաստանէն պիտի կատարուէր ուրիշին: Զարմացայ:

«Անշուշտ Հայաստանին պիտի կատարուի,- ըսի,- ինչո՞ւ հարցուցիք»:

«Որովհետեւ դուք Հայաստանէն գրած էք», պատասխանեց ընթերցողը:

Չհաւատացի, թերթը բացի ու զարմանքով տեսայ, որ իսկապէս վերնագիրը սխալ տպուած էր: Փոխանակ «Հայաստանին» գրելու` մեր գրաշարը գրած էր Հայաստանէն: Պարզապէս «Ի» տառին տեղ «Է» տառը գործածուած էր, բայց ամբողջ ուղղութիւն մը փոխուած էր հաղորդուած լուրին մէջ: Յուսահատական էր, բայց ընելիք բան մը չկար: Բարեբախտաբար հրատարակուած լուրին միւս մասերուն մէջ ճիշդն ալ տպուած էր եւ ուշադրութեամբ կարդացողը պիտի հասկնար, որ խորագիրը «Գրաշարական սխալ»-ի զոհ գացած էր:

Վաթսունհինգ տարիէ ի վեր կը գրեմ գրամեքենայի վրայ: Այսինքն ձեռագիր չեմ գործածեր: Նախ գրեցի գրամեքենայի վրայ, ապա անցայ համակարգիչին: Երկուքն ալ ունին գիրերու ստեղնաշար: Գիրերը երեք չորս կարգով շարուած են իրարու քով եւ իրարու տակ: Եթէ մէկ գիրին տեղ քովի գիրին վրայ կոխէք, ահա մէջտեղ կու գայ գրաշարական սխալ: Ձեռագիր գրողը այդ վտանգէն զերծ է: Ան, որ ձեռագիրով կը գրէ, կարելի չէ, որ «Անուշ»-ին տեղ «Ապուշ» գրէ: Ձեռագիրին մէջ ընդհանրապէս գրաշարական սխալ չկայ, կայ պարզապէս ուղղագրական կամ լեզուի սխալ: Բայց գրամեքենայով կատարուած գրաշարութիւնը անպայման կրնայ նշաւակ դառնալ գրաշարական սխալի:

Օր մը կը  կարդայի իմ ուշադրութեան յանձնուած տպագիր գրութիւն մը, որպէսզի հասկնամ, թէ կրնայի՞նք հրատարակել, թէ չէ: Նիւթին մէջ միջոց մը կը խօսուէր աւազակներու յարձակումին ենթարկուած կարաւանի մը մասին: Բայց զարմանքով տեսայ, որ հոն ուրիշ բան գրուած էր: Գրուած էր, որ կարաւանը ենթարկուած էր «Հերոսախումբերու յարձակման»: Կարելի՞ էր, որ յարձակող աւազակները «հերոսախումբ» անուանուէին: Կարելի չէր: Յանկարծ հասկցայ, որ հոս «Հերոսախումբ» ըսել ուզած էին, աւելորդ «ե» գիր մը մտած էր «Հրոսախումբ»-ին մէջ, եւ ան եղած էր «Հերոսախումբ»: «Հրոսախումբը», որ աւազակներու խումբ կը նշանակէ, որքան հեռու է «Հերոսախումբ»-էն: Բայց մեքենային ստեղնաշարին վրայ գիրերը իրարու այնքան մօտիկ են, որ…

rh@normarmara.com

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններու «Հնարաւորութիւններուն» Մասին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.