Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն. Սամուէլ Գասպարեան` Ախոյեան, Գոռ Մինասեան Եւ Արսէն Մարտիրոսեան` Փոխախոյեաններ, Վարազդատ Լալայեան` Պրոնզէ Մետալակիր

April 12, 2021
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 11 ապրիլին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան վերջին օրուան` աւարտականի մրցումները:

109 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, Գոռ Մինասեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով, 464 քկ (216+ 248), տիրացաւ արծաթ մետալին` հանդիսանալով Եւրոպայի փոխախոյեան:

Իսկ Վարազդատ Լալայեան, բարձրացնելով 445 քկ, հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:

Ախոյեան հանդիսացաւ վրացի Լաշա Թալախածէ (485 քկ), որ այսպիսով երկամարտի մրցումներուն աշխարհի մրցանիշ մը հաստատեց (222+263):

Ան 5-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան ախոյեանի տիտղոսին:

Սամուէլ Գասպարեան

Նշենք, որ շաբաթ, 10 ապրիլին կատարուած մրցումներուն, 102 քկ դասակարգին մէջ, ախոյեան հանդիսացաւ Սամուէլ Գասպարեան, որ բարձրացուց 390 քկ` երկամարտի մրցումներուն:

Եւրոպայի ախոյեան հանդիսանալէ ետք ան ըսաւ, որ իր արձանագրած այս յաղթանակը կը նուիրէ բոլոր հայ հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքերը չխնայեցին` պաշտպանելու համար հայրենիքի սահմանները:

Նոյն այս դասակարգին մէջ, փոխախոյեան հանդիսացաւ Արսէն Մարտիրոսեան, որ արձանագրեց` 380 քկ արդիւնք մը (171+209):

Այսպիսով, այս ախոյեանութեան, Փաշիկ Ալավերդեանի գլխաւորած հաւաքականը` Հայաստան, որ ընդամէնը տիրացաւ 8 մետալի (2 ոսկի, 2 արծաթ, 4 պրոնզ), ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:

Առաջին հանդիսացաւ Ուքրանիա (4 ոսկի, 1 արծաթ, 1 պրոնզ), իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց Պուլկարիա (3 ոսկի, 3 արծաթ, 1 պրոնզ):

Այստեղ նշենք, որ Եւրոպայի այս ախոյեանութիւնը վարկանշային է` Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն համար:

Նախորդը

Կռփամարտ. Կարէն Տօնականեանի Երկրորդ Յաղթանակը` Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Յաթանակը

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.