Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Մոնթրոյի Ուխտին Մասին` «Այս Փաստաթուղթը Վերատեսութեան Ենթարկելու Որեւէ Փորձ Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Շահերուն» Կ՛ըսէ Զախարովա

April 12, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական կողմը Պոսֆորի եւ Տարտանելի կարգավիճակին մասին Մոնթրոյի ուխտը կը նկատէ Սեւ ծովու կայունութեան եւ անվտանգութեան հիմնական գործօն, յատկապէս` ծովային նաւարկութեան հարցին մէջ: Եւ այս փաստաթուղթը վերատեսութեան ենթարկելու որեւէ փորձ պիտի ազդէ Ռուսիոյ շահերուն վրայ: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Մենք Մոնթրոյի ուխտին հիման վրայ հաստատուած միջազգային իրաւական դրութեան այլընտրանք չենք տեսներ», ընդգծած է ան:

Այս առնչութեամբ, աւելցուցած է Զախարովա, Ռուսիան կ՛ակնկալէ, որ բոլոր երկիրները պատասխանատու կերպով մօտենան Մոնթրոյի ուխտի կէտերուն կատարման:

«Եւ, ի հարկէ, ատոր մէջ Թուրքիան առանձնայատուկ դեր ունի», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

1936 թուականին հաստատուած Մոնթրոյի ուխտը, որ մինչեւ օրս կը գործէ, Խորհրդային Միութեան, Թուրքիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Յունաստանի, Եուկոսլաւիոյ, Աւստրալիոյ եւ Ճափոնի մասնակցութեամբ զուիցերիական Մոնթրօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին իբրեւ արդիւնք ստորագրուած ուխտն է, որ կ՛ենթադրէ, որ սեւծովեան բոլոր պետութիւններուն մարտանաւերը (առեւտրական եւ այլ նաւերուն չի վերաբերիր) ազատ կրնան երթեւեկել Տարտանելի եւ Պոսփորի նեղուցներով` պայմանով, որ նախապէս այդ մասին տեղեակ պահեն թրքական իշխանութիւնները: Իսկ ոչ սեւծովեան պետութիւններու մարտանաւերուն համար կայ յստակ սահմանափակում` միայն փոքր եւ ոչ մեծ տարողութեամբ մարտանաւերուն կ՛արտօնուի մուտք գործել նեղուցներ:

Նախորդը

«Սննդամթերքը Աշխարհի Վրայ Մրցանշային Սղաճ Արձանագրած Է» Կ՛ըսէ ՄԱԿ

Յաջորդը

Եգիպտոս Կը Դադրեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բոլոր Բանակցութիւնները

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.