Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմարներ. Ընտրական Օրէնք, Կարմիր Շուկայ…

April 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ապրիլ 1-ը կատակի օր է, սակայն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կատակելու տրամադրութիւն չկայ, այլ կայ… անհեթեթութիւններու նոր մրցանիշ հաստատելու տենդ:

Ա. Հայաստանի խորհրդարանը միայն «իմքայլականներու» քուէով, որդեգրեց ընտրական օրէնքի փոփոխութեան «իմքայլական» առաջարկը: Ցարդ պաշտօնապէս չյայտարարուած` ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան համամասնական ցանկերով: Էտմոն Մարուքեանն ու իր «լուսաւոր»-ները դէմ են փոփոխութեան, իսկ Գ. Ծառուկեանի «Բարգաւաճ»-ը մէկ կողմ քաշուած է, չմասնակցեցաւ քննարկումին, նախապէս յայտնած էր, թէ իրեն համար տարբերութիւն չ՛ըներ:

Նման փոփոխութեան դէմ են «դրսեցիներ» եւս, որոնք կը պատրաստուին ընտրապայքարի: Անհեթեթութիւնը կը սկսի (բայց չի վերջանար) հոն, որ մարդիկ մէկ կողմէ կ՛աղաղակեն, թէ Արցախի վերջին պատերազմէն ետք ծագած ծանր հարցերուն դիմաց (նախագահն ալ միացեր է այն տեսակէտին, որ պատերազմէն կարելի էր խուսափիլ, ուրեմն նաեւ` ահաւոր հետեւանքներէն), «բնական» ընտրութիւն կատարելը հնարաւոր չէ, շատեր կը պնդեն, որ Փաշինեանի հովանիին տակ ընտրութիւնները այլապէս անբնական բան պիտի ըլլայ, մինչեւ իսկ «ուսապարկ»-ի մենաշնորհէն հրաժարածներ կ՛ըսեն, որ ատելութեան այժմու մթնոլորտին մէջ ընտրութեան երթալը բնական բան չէ,սակայն դժգոհներէն շատեր արդէն մտած են այն ճամբուն մէջ, որ բացուած է ինքնագլուխ որոշումներով գործելու փաստը տուած վարչապետին կողմէ, այն վարչապետին, որ, չես գիտեր, թէ քանի՛ անգամ եւս պէտք է փաստէ, որ քաղաքական կեանքի ուղին պիտի շարունակէ սահմանադրական եւ ընկալեալ օրէնքներու խախտումով: Վաղը այդ ճամբուն մէջ մտած իր ուղեկիցները իրենք իրենց իրաւունք ալ պիտի տան ըսելու, որ Փաշինեան նոր «ուսապարկեր» պիտի բերէ խորհրդարան…

Բ. Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հերքեց այն շշուկները, որ Կարմիր Շուկայ գիւղը թշնամիին պիտի յանձնուի: Լա՛ւ ըրաւ հերքումով: Մենք հիմա պէտք է մտածենք ո՛չ թէ նոր շրջաններ յանձնելու, այլ խլուածներուն լիովին վերատիրանալու մասին: Մարդս ուրախութեամբ կը լսէ Արայիկի այն հաւաստիքը, թէ Կարմիր Շուկային մէջ շինարարական ծրագիրներ ընթացք առած են, ինչպէ՞ս կարելի է մտածել շինուողը յանձնելու մասին:

Պրաւօ՛, Արայի՛կ: Բա՜յց…

Արդեօք Շուշին ու Հադրութը, Արցախի հարաւային ու արեւմտեան ամբողջ գօտիին մէջ անցեալ աւելի քան 25 տարիներուն շինարարութիւն, ներդրումներ եւ ՀԱՅԱՑՈՒՄԻ կնիք դնելու գործնական քայլեր չէի՞ն առնուած: Ո՞վ ազերիներուն «նուիրեց» շէն ու վերանորոգուած Շուշին, Հադրութը եւ միւս շրջանները: Ի՞նչ երաշխիք, որ վաղը նոյն ճակատագիրէն զերծ պիտի մնայ հայութեան ձգուած պատառիկը, մինչդեռ, ազերիները Հայաստանէն ալ շէն պատառիկներ կը խլեն… Ի վերջոյ, ո՞վ էր Արցախի ամբողջականութեան պահպանման երդում տուողը, նախագահական ընտրապայքարի օրերուն յոխորտալի յայտարարութիւններ ընողը: Բարեբախտաբար հայութիւնը չի տառապիր յուշաթափութենէ…

Գ. (Մանր յաւելուած մը): Պարտեալ Փաշինեան կը փորձէ շահարկման նիւթի վերածել Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականին փայլուն յաղթանակները… Այլապէս, հայութիւնը գոնէ տեղ մը ուրախանալու եւ հպարտանալու պատճառ ունի: Մինչ այդ, Պսակաւոր ժահրը վերստին մանգաղը գործի լծած է անկախ քաղաքական բեմին տիրապետող տրամադրութիւններէն…

1 ապրիլ 2021

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

«Hyperallergic» Հանդէսի Յաւելուած` Արցախեան Վտանգուած Մշակոյթին Նուիրուած

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.