Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաստակաշատ Համեստը

April 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը զրկուեցաւ երկար տասնամեակներ իրմով շնչած ու իրմով ապրած Ժաք Պոյաճեանի հայրական եւ պատկառելի ներկայութենէն:

«Մեծ եղբայրը» ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ իր պաշտած ու սիրած միութենէն, սակայն ան իր ետին ձգեց հարուստ բարոյական ժառանգ, իրմով հպարտանալու բազմաթիւ յիշատակներ եւ իր օրինակելի ՀՄԸՄ-ականի տիպարին հետեւելու յստակ կտակ:

Իր երկար տարիներու միութենական գործունէութեան ընթացքին եղբ. Ժաքին անունը մնայուն կերպով շաղկապուած մնաց ու պիտի շարունակէ մնալ կողովագնդակի մարզաձեւին հետ: «Եղբայր Ժաք»-ն ու «պասքեթպոլ»-ը եղան զիրար յիշեցնող, զիրար ամբողջացնող ու զիրար որակող զոյգ բառեր:

Արդարեւ, ան եղաւ ՀՄԸՄ-ական այդ աշխատունակ եւ տիպար անդամը, որ մեծ դերակատարութիւն եւ ներդրում ունեցաւ Լիբանանի կողովագնդակի համադաշնակցութեան կազմաւորման եւ օրինականացման աշխատանքներուն մէջ: Ան իր երկարատեւ ծառայութեամբ, ազնուական կեցուածքներով,  նուիրումով ու արդիւնաւէտ գործունէութեամբ լիբանանեան եւ արաբական շրջանակներու մէջ մեծ յարգանք շահեցաւ թէ՛ մեր միութեան եւ թէ՛ ազնիւ ու համեստ ՀՄԸՄ-ականի տիպարը մարմնաւորող իր անձին հանդէպ:

Ան երկար տարիներ անընդմէջ ստանձնեց ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբերու մարզումն ու կազմակերպական աշխատանքը:

Վաթսունական թուականներուն  ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը շարունակեց ապրիլ իր ոսկեդարը եւ յաջորդական տարիներ յաջողեցաւ Լիբանանի մրցաշարքերու բաժակներով ու մետալներով զարդարել ՀՄԸՄ-ի ակումբները:

Այս յաղթանակները պատահականութիւն կամ բախտի արդիւնք չէին, այլ ծրագրուած եւ յարատեւ ճիգ ու ջանքի եւ աննկուն կամքի պտուղն էին:

Եղբայր Ժաք իր նուիրեալ մարզիչի, ուղեցոյցի եւ անձնազոհ դաստիարակի տուեալներով եղաւ այդ նուաճումներուն գլխաւոր «Մայսթրոն» ու պահապանը եւ անոր համար ալ արժանացաւ «Յարգելի Քոչ» մակդիրին:

Այստեղ կ՛արժէ լուսարձակի տակ առնել այն իրողութիւնը, որ վերոյիշեալ յաղթանակները եղբ. Ժաքին համար բնաւ հիմնական նպատակ չեղան:

Յաղթանակներու ստեղծած հրճուալի մթնոլորտն ու բաժակներու փայլքը բնաւ չյաջողեցան շեղել հաստատ սկզբունքներու տէր եղբայրը իր իսկական նպատակէն, որն էր կերտել` ՀՄԸՄ-ի տեսլականին հետ համընկնող, մաքուր նկարագիրի ու մարզական ոգիի տէր միութենականներ, որոնք իրենց ազնիւ նկարագիրով ու միութենական պատկանելիութեան պարծանքի զգացումներով մէկական քարոզիչները պիտի ըլլային ՀՄԸՄ-ի գաղափարախօսութեան:

Այս պատճառներով ալ շեշտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզական շապիկի սրբութիւնը, ու եղբայր Ժաք մնաց մնայուն յուշարարը, որ այդ շապիկը կրելը մեծ պատասխանատուութիւն, մեծ հպարտութիւն ու մեծ պատիւ է:

Հանգուցեալ եղբայրը ՀՄԸՄ-ի մէջ ստանձնած է միութենական եւ վարչական զանազան պարտականութիւններ ու պաշտօններ` բոլոր մակարդակներու վրայ եւ զանոնք միշտ վարած է ձեռնհասօրէն ու համեստաբար:

Միութեան մէջ իր ճանապարհը սկսած է շատ կանուխ: Ան եղած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի մարզիկ, մարզիչ, ապա վարչական: Եղած է շրջանային յանձնախումբերու եւ ՀՄԸՄ -ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւններու անդամ` միշտ ստանձնելով իր սրտին խօսող կողովագնդակի ներկայացուցիչի պարտականութիւնը:

Յաջորդական անգամներ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Լիբանանի Շրջանային ներկայացուցչական ժողովներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կողմէ պատգամաւոր ընտրուած է ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին, որ միութեան գերագոյն ժողովն է:

Իր այս արդիւնաւէտ, բեղուն եւ յարատեւ աշխատանքին համար ստացած է «Ծառայութեան» շքանշան: Իսկ 2008-ին` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնախմբութեան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ արժանացած է ՀՄԸՄ-ի «Արժանեաց շքանշան»-ին որ միութեան գերագոյն շքանշանն է:

Ժաք Պոյաճեանին կողքին ժողովական կամ վարչական ըլլալը համազօր էր միութենականութեան եւ ազնուականութեան խտացուած դասընթացքի մասնակցելու:

Ան լաւ ժողովական էր ու միշտ մնաց տեսակէտները մօտեցնողի ու տարակարծութիւնները փարատողի իր դերին մէջ: Նուրբ հարցերու բծախնդիր, գործնական եւ փափկանկատ լուծումներ առաջարկելու մասնագիտութիւնը ունէր կարծէք, եւ այդ ալ միշտ` հայրական գուրգուրանքով ու լայն սրտով:

Զինք այս հանդարտութենէն միակ դուրս բերողը միութենական սկզբունքներէ շեղումն էր, որուն դէմ կը քարանար ժայռի մը կարծրութեամբ: Այս պատճառով ալ եղբայր Ժաք երկար տարիներ մաս կազմեց ՀՄԸՄ-ի տարբեր յանձնախումբերուն եւ վարչութիւններուն մէջ մնաց իր կողմնացոյցի ու փարոսի դերին մէջ:

Յարգելի՛ եղբայր Ժաք,

Քու հարուստ գործունէութեամբդ, ՀՄԸՄ-ավայել ընթացքովդ, օրինակելի գործելաոճովդ ու ձեռք ձգած նուաճումներովդ ոսկեայ տառերով պանծալի տողեր աւելցուցիր ՀՄԸՄ-ի պատմութեան հատորին մէջ:

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնն ու ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը կը խոնարհի քու վաստակիդ առջեւ:

Այս մարտահրաւէրներով լեցուն ու դժուար հանգրուանին քու եւ քու նմաններուդ բացակայութիւնը ծանր պիտի կշռէ մեր վրայ: Սակայն կը խոստանանք հաստատ վճռակամութեամբ անշեղ պահել ձեր միջոցով մեզի հասած ՀՄԸՄ-ական «Մեծ»-երու կտակը:

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Յարգելի Տիպարի Մը Կորուստը (ՀՄԸՄ-ական Պասքեթպոլի Մեծ Երախտաւորին` Ժաք Պոյաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

ԱԶԴ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.