Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Եռաբլուրը Որո՞ւ Պիտի Քուէարկէ

April 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հռչակը անհասկացողութեան թերեւս ամենավատ ձեւն է»

ԽՈՐԽԷ ԼՈՒԻՍ ՊՈՐԽԵՍ
(Արժանթինցի վիպագիր, 1899-1986)

Աւելի քան շաբաթ մը առաջ, ետ ու առաջ քանի մը ոստոստումէ ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յանկարծ յարմար նկատեց, որ Հայաստանի մէջ կարիքը կայ ընտրութիւններու…

Հարց կը ծագի. կանխահա՞ս, կանխայա՞յտ, թէ՞ … կանխամտածուա՞ծ:

«Աստուած գիտէ»` պիտի ըլլայ մինչեւ իսկ ամէնէն անհաւատ հայորդիին պատասխանը:

Հետաքրքրական էր, որ յարգուած եւ լայն ժողովրդականութիւն վայելող վերլուծաբան մը, այս հարցին մասին խօսելով, վերոյիշեալ հռչակաւոր նորավիպագիր Խորխէ Լուիս Պորխեսի մէկ մտածումը օրինակ բերաւ, որ Հայաստանի ներկայ իրավիճակն ու Փաշինեանի արձակած` 20 յունիսի ընտրութիւններու ռումբը կը նմանին այն երկու ճաղատներուն, որոնք կը կռուին սանտրի մը համար: Պորխեսի այդ խօսքը ի մտի ունէր Մալուին կղզիներու (Ֆոքլենտզ) տագնապը, որ ատենին դէմ յանդիման հանեց իր երկիրը` Արժանթինն ու կղզիները գրաւող Մեծն Բրիտանիան:

Տպաւորիչ է օրինակը եւ անշուշտ` տեղին, սակայն մեր պարագային հարցը դժբախտաբար հասած է հոն, ուր կայ խոր անդունդ մը, բայց… գլուխ չկայ: Ուրեմն, ի՞նչ սանտրի մասին կրնանք խօսիլ:

Այո՛, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայ իրավիճակը այնքա՛ն մը լաբիւրինթոսային է, որ բացակայ է գլուխը` իր ամբողջութեամբ, եւ անշուշտ` անոր մէջ ենթադրաբար գոյութիւն ունեցող տրամաբանութիւնը, միտքը, խելքը… Մէկ խօսքով` մարմինը կառավարող մասերը: Այս պայմաններուն մէջ մազի եւ սանտրի մասին խօսիլը կը նմանի ֆրանսացի առակագիր Լա Ֆոնթենի մէկ առակին հետեւողութեամբ դրուագի մը, ուր թռչնազգիի մը պարտականութիւն կը տրուի ծովուն խորերը բնակիլ եւ հոն ալ իշխել:

Սովորական թափթփածութեամբ եւ «պլըֆ»-ով մը վարչապետը արդէն իսկ ընտրարշաւ բացած է եւ շրջաններ այցելելով` կը փորձէ «թաւշեայ յեղափոխութեան» թափօններով ամբոխավարական ընթացքը շարունակել:

Բաբելոնի աշտարակի պատմութիւնը յիշեցնող այս կացութեան լոյսին տակ կ՛արժէ մէջբերում մը ընել Պորխեսի մէկ այլ գործէն` «Բաբելոնի գրադարան»-էն (The Library of Babel.) Ան արդարօրէն կը ցանկայ. «Թող դրախտ գոյութիւն ունենայ, նոյնիսկ եթէ իմ տեղս դժոխքն է»:

Փաշինեան եւ իր «Իմքայլական» խմբակը ջայլամի այս քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկէ,  փորձելով սիրաշահիլ եւ ձեռնածելով քաղաքական բեմահարթակը:

Վարչապետը մոռցած է (եւ կը կարծէ, թէ մարդիկ ալ մոռցած են) չարաչար պարտութիւնը, որ հայութեան վիճակուեցաւ Արցախէն եւ մայր հայրենիքէն մինչեւ մօտակայ ու հեռաւոր գաղութներ: Մաս առ մաս ի յայտ կու գան կորսուածներ, «մասնավճարով» կը հրատարակուին զոհերուն ցանկերը, իսկ շատեր դեռ կ՛երազեն, որ գէթ իրենց հարազատին անշունչ դիակը գտնուի: Գերիները վերագտնելու յոյսերն ալ պատին կը զարնուին Ալիեւի կողմէ, որ կը յայտարարէ, թէ` «Բոլոր գերիները վերադարձուցած ենք Հայաստան, մնացողները գերի չեն, այլ` խափանարարներ, ապօրինի կերպով ազերիական հողեր թափանցողներ…»: Պաշտօնական Երեւանը շատ չի սիրեր խօսիլ այս «փշոտ հարց»-ին մասին:

Արդեօք ժամանակը չէ՞, որ աշխարհի ամէնէն երիտասարդ, անշունչ բնակչութիւն ունեցող Եռաբլուրին առիթ տրուի իր խօսքը ըսելու` քուէարկելով:

Բայց ինչպէ՞ս խօսիլ ընտրութիւններու մասին, երբ կան նահատակներ ու չգտնուած աճիւններ, որոնք տակաւին չեն արժանացած անցնելու Եռաբլուրի «բնակիչներուն» շարքին…

Նախորդը

Առանց Դափնիների Ու Ծափերի… «Ալիք»-ի 90-Ամեակի Առիթով

Յաջորդը

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.