Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Փութինն Ու Ծինփինը Հրաւիրած Է Կլիմայի Հարցով Բանակցութիւններու

March 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը հրաւիրած է կլիմայի փոփոխութեան խնդիրներու շուրջ բանակցութիւններու: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմի անանուն ներկայացուցիչները:

Պայտընի վարչակազմին օրերուն կլիմայի վերաբերեալ առաջին բանակցութիւնները կը նախատեսուին 22-23 ապրիլին: Ընդհանուր առմամբ, ամերիկեան իշխանութիւնները շուրջ 40 հրաւէր ուղարկած են:

Յիշեցնենք, որ Պայտըն նախապէս անդրադառնալով լրատուամիջոցներու հարցումին, թէ արդեօք ան Փութինը մարդասպան կը նկատէ՞, դրական պատասխան տուած էր, ինչպէս նաեւ յայտարարած, որ Ռուսիոյ նախագահը «պատասխան պիտի տայ» Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն միջամտելու համար: Փութին մէկ օր ետք պատասխանած էր Պայտընին` ծաղրական յայտարարութեամբ. «Ով որ նման բան կ՛ըսէ, ինքն է այդպիսին»:

Յունուարին ամերիկեան իշխանութիւնները աշխարհի վրայ առաջին անգամ ըլլալով Չինաստանը մեղադրած են ույղուրներու ցեղասպանութեան յանցանքով: Չինաստան կը հերքէ մեղադրանքը: Ուաշինկթընի այդ յայտարարութենէն ետք Փեքին պատժամիջոցներ հաստատած էր Միացեալ Նահանգներու 28 պաշտօնատարներու դէմ` զանոնք մեղադրելով «Չինաստանի նկատմամբ նախապաշարումի եւ ատելութեան համար»:

Պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ ներառուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն, որ ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւնը կատարած էր:

Նախորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը` Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններուն Վերաբերեալ Հայաստանի Իշխանութիւններու Յայտարարութիւններուն Առիթով

Յաջորդը

Փենթակոնի Թարգմանիչը Հըզպալլայի Առնչուած Անձին Յանձնած Է Սիւլէյմանիի Սպանութեան Վերաբերեալ Գաղտնի Տեղեկութիւններ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.