Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծաղկազարդի Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Քրիստոս Պատգամեց Բոլոր Ժամանակներուն Մարդոց` Մի՛ Վախնաք, Մի՛ Յուսահատիք, Միա՛յն Հաւատացէք» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

March 29, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 28 մարտ 2021-ի առաւօտուն հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ` Ծաղկազարդի տօնը, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Տօնին աւանդութեան համաձայն, վեհափառ հայրապետը կ՛օրհնէ մանուկները եւ իր հայրական խօսքը կ՛ուղղէ հաւատացեալ ժողովուրդին: Արդարեւ, հայրապետական թափօրը մայր տաճարէն ուղղուեցաւ մայրավանքի շրջափակ, ուր վեհափառ հայրապետը վեհարանի մուտքին իր հայրական խօսքը ուղղեց հաւատացեալներուն: Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտնեց, որ այնպէս ինչպէս Ծաղկազարդի օրը ժողովուրդը Յիսուսը դիմաւորեց Երուսաղէմի մէջ, նոյնպէս ալ հաւատացեալներս այսօր մեր եկեղեցւոյ ճամբով Քրիստոսը կը դիմաւորենք: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ տագնապներով լեցուն աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք, հետեւաբար որեւէ ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք հաւատքով շաղախուած յոյսին: Քրիստոս պատգամեց բոլոր ժամանակներուն մարդոց` մի՛ վախնաք, մի՛ յուսահատիք, միա՛յն հաւատացէք: Մեր ժողովուրդը հաւատաց պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց, յուսաց, միշտ յոյսը վա՛ռ պահեց նոյնիսկ իր կեանքի ամէնէն դառն պայմաններուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը, շարունակելով իր խօսքը, յորդորեց հաւատացեալները հզօրացնելու իրենց յոյսը` նայելով Երուսաղէմ մուտք գործող Աստուծոյ Որդւոյն, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` խնդրելով Անոր ողորմութիւնը. «Աղօթենք, որպէսզի մեր կեանքը լեցուի Քրիստոսի ներկայութեամբ, ծաղկազարդուի Քրիստոսի աշխարհ բերած հաւատքով ու յոյսով: Ահաւասիկ, ա՛յս յոյսով եկէք դիմաւորենք Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ»:

Նշենք, որ Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Օշական արք. Չօլոյեան: Ան իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ աստուածային ծրագիրին մաս կը կազմէր, որովհետեւ Աստուած Ինք` իբրեւ սիրոյ Թագաւոր, կու գար Իր պատգամը բերելու մարդկութեան. Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ Իր Որդին տուաւ, որպէսզի մարդը յաւիտենական կեանք ունենայ, իսկ Քրիստոս` երեք տարի աստուածաշնչական փառքը տալէ ետք ժողովուրդին, կամաւորապէս եկաւ Երուսաղէմ` խաչի մահով Ինքզինք զոհաբերելու, որպէսզի մենք արժանի ըլլանք յարութեան, յայտնեց Սրբազանը:

Յայտնենք, որ համաճարակը տակաւին արգելք կը հանդիսանայ հաւաքներ ընդգրկող աւանդութիւններու կիրարկման. հետեւաբար, այս տարի չկազմուեցաւ փոքրիկներու աւանդական թափօրը, սակայն մանուկները ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը եւ նուէրները:

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Դռնբացէքի Արարողութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պայտընին Յղեց Նամակ Մը` Կոչ Ուղղելով Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.